Գիտնականներ յայտնեցին, որ արեւելեան Չինաստանի մէջ տասնեակ մը անձեր վարակուած են կենդանական աշխարհի ծագում ունեցող ժահրով մը, զոր կոչած են «Լանկիա հենիփաժահր»: Անոնք, սակայն, ներկայ փուլին կը բացառեն ժահրի մարդոց միջեւ փոխանցման վտանգը:
Վարակումները արձանագրուած են Շանտոնկ եւ Խնան գաւառներուն մէջ: Վարակուածներուն մեծամասնութիւնը հողագործներ են եւ իրարու հետ սերտ կապ չունեցող անձեր:
Ժահրը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 2018 թուականին:
«Լանկիա» ժահրը մարդոց մօտ ջերմութիւն, յոգնութիւն, հազ, սիրտխառնուք եւ գլխացաւ կը պատճառէ: Անիկա կրնայ նաեւ շնչառական խնդիրներ յառաջացնել եւ մահացու ըլլալ, թէեւ մինչեւ հիմա մահուան որեւէ պարագայ չէ արձանագրուած:
«Նիւ Ինկլընտ Ճըռնըլ աֆ Մետիսին» կը հաղորդէ, որ հետազօտողներ կը յայտնեն, որ «Լանկիա» ժահրը կը գտնուի մկնանման կենդանիի մը` մկնաքիսի մէջ եւ կրնայ ուղղակի կամ այլ կենդանիի մը միջոցով փոխանցուած ըլլալ մարդոց: Ըստ անոնց, 2018 թուականէն ի վեր միայն 35 անձեր վարակուած են այս ժահրով եւ պարագաներէն ոչ մէկը կը թուի իրարու առնչուած ըլլալ:


