Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Հիւլէական Համաձայնագիրին Առնչուած Առաջարկին Ողջամիտ Պատասխան Տուած Է» Կ՛ըսէ Պորել

August 23, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզեփ Պորել երէկ ըսած է, որ այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրական պատասխան կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան առաջարկին, որ ուղղուած է 2015-ի Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի փրկման: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Պորել նաեւ նշած է, որ Իրան ողջամիտ պատասխան տուած է առաջարկին, որ հետեւած է 16-ամսեայ դանդաղ, անուղղակի ամերիկա-իրանեան բանակցութիւններուն, որոնց մէջ Եւրոպական Միութիւնը համագործակցած է կողմերուն հետ: Առաջարկին բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած:

«Իմ կողմէ, իբրեւ բանակցութիւններու համակարգող, առաջարկ եղաւ: Ասիկա այն հաւասարակշռութիւնն է, որուն մենք հասած ենք, ես չեմ կարծեր, որ մենք կրնանք այս կամ այն կողմէն բարելաւել զայն… Եւ Իրանէն եղաւ պատասխան, որ ես ողջամիտ կը նկատեմ»,  ըսած է Պորել` սպանական Սանթանտեր քաղաքին մէջ համալսարանական ձեռնարկի մը ժամանակ:

«Անիկա ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներուն, որ տակաւին պաշտօնական պատասխան չէ տուած… Յոյսով եմ, որ պատասխանը վերջ պիտի դնէ բանակցութիւններուն», աւելցուցած է ան:

Պորել նախապէս ըսած էր, որ այդ առաջարկը դաշինքի «վերջնական առաջարկն» է` համաձայնագիրը երկարաձգելու համար, որ կասեցուած էր 2018 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կողմէ:

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Մէջ Այս Տարի Մրցանշային 700 Հազար Հեկտար Անտառ Այրած Է

Յաջորդը

Պայտըն, Ճոնսըն, Մաքրոն Եւ Շոլց Քննարկած Են Չափորոժիէի Հիւլէական Կայանին Շուրջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.