Միջազգային

«Եթէ Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Համաձայնագիր Ստորագրուի, Խրիմը Կրկին Պէտք Է Դառնայ Ուքրանական Տարածք»   Կ՛ըսէ Քալըն

«Եթէ Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Համաձայնագիր Ստորագրուի, Խրիմը Կրկին Պէտք Է Դառնայ Ուքրանական Տարածք» Կ՛ըսէ Քալըն

Եթէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ համաձայնագիր ստորագրուի, Խրիմը կրկին պէտք է դառնայ ուքրանական տարածք: Երէկ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: «Խրիմի Ռուսիոյ բռնակցումը անօրինական է, եւ այս հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը 2014 թուականէն ի վեր չէ փոխուած: Խրիմը ուքրանական տարածքին մէկ մասն է: Ատիկա պէտք է ըլլայ հիմը որեւէ համաձայնագիրի, որ պիտի...

Ամերիկեան Բանակը Սուրիոյ Մէջ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին Առնչուած Խմբաւորումներու Կառոյցներ Հարուածած Է

Ամերիկեան Բանակը Սուրիոյ Մէջ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին Առնչուած Խմբաւորումներու Կառոյցներ Հարուածած Է

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը երեքշաբթի օր օդային յարձակումներ գործած է Սուրիոյ Տէր Զօրի շրջանին մէջ` հարուածելով Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներ: Կեդրոնական հրամանատարութեան հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ Ճօ Փուչինօ յայտնեց, որ օդային յարձակումներուն թիրախները եղած են «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող խմբաւորումներուն օգտագործած ենթակառոյցները»: «Նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցմունքով ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ Տէր Զօրի շրջանին մէջ...

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներով Սպառնացած Է Թուրքիոյ

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներով Սպառնացած Է Թուրքիոյ

Թուրք արդիւնաբերողներու եւ ձեռնարկատէրերու միութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն նամակ ստացած է: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զգուշացուցած են, որ թրքական ընկերութիւնները կրնան պատժամիջոցներու ենթարկուիլ, եթէ անոնք համագործակցին Ռուսիայէն անհատներու կամ ընկերութիւններու հետ, որոնք ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ են: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ առեւտուրի մեծագոյն ընկերակցութիւնը եղող Թուրք արդիւնաբերողներու եւ ձեռնարկատէրերու ընկերակցութիւնը (ԹՈՒՍԻԱՏ): «ԹՈՒՍԻԱՏ-ը ինչպէս այսօր կը հաղորդուի տարբեր...

Զգուշացնելով, Որ Յառաջիկայ Ձմեռը Ծանր Պիտի Ըլլայ.  «Արեւմուտքը Քիեւին Օժանդակելուն Գինը Պիտի Վճարէ, Սակայն Օժանդակութիւնը Պէտք Է Շարունակւոի»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Զգուշացնելով, Որ Յառաջիկայ Ձմեռը Ծանր Պիտի Ըլլայ. «Արեւմուտքը Քիեւին Օժանդակելուն Գինը Պիտի Վճարէ, Սակայն Օժանդակութիւնը Պէտք Է Շարունակւոի» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ «Արեւմուտքը Քիեւին օժանդակելուն գինը պիտի վճարէ», սակայն նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը «այդ օժանդակութիւնը շարունակելու, հակառակ անոր որ դժուար առաքելութիւն է»: «ՕԹԱՆ-ի եւրոպացի դաշնակիցներուն, Գերմանիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու կողմէ, ինչպէս նաեւ աշխարհի շուրջ շարք մը այլ երկիրներէ Ուքրանիոյ նկատմամբ աննախադէպ աջակցութիւն կը տեսնենք», ըսաւ ան: Ան գերմանական ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին մատնանշեց Գերմանիոյ...

Մաքրոն Աշխարհի Վրայ «Առատութեան Եւ Անհոգութեան Շրջանի Մայրամուտը» Կը Յայտարարէ

Մաքրոն Աշխարհի Վրայ «Առատութեան Եւ Անհոգութեան Շրջանի Մայրամուտը» Կը Յայտարարէ

Աշխարհի վրայ շարունակուող ճգնաժամերը տարբեր ոլորտներու մէջ ազդարարած են «առատութեան» եւ «անհոգութեան» շրջանի աւարտը, եւ հասարակութիւնը պէտք է համախմբուի` պատրաստակամութեամբ վճարելու ճգնաժամերու հետեւանքները լուծելու համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ամառնային արձակուրդէն ետք Ֆրանսայի նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստի բացումը կատարելով յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Ես կը գտնեմ, որ մենք կ՛ապրինք ցնցումներու ժամանակաշրջան... եւ ատիկա սկսած...

Ազրպէյճանն Ու Ղազախստանը Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Արմապնդման Հռչակագիր Ստորագրած Են

Ազրպէյճանն Ու Ղազախստանը Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Արմապնդման Հռչակագիր Ստորագրած Են

Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւ եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջինիս նստավայրին մէջ քննարկած են Ազրպէյճան-Ղազախստան ռազմավարական գործընկերութեան առանցքային հարցերը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով քաղաքական, առեւտրական, տնտեսական, փոխադրամիջոցային, տարանցիկ, մշակութային եւ մարդասիրական համագործակցութեան ամրապնդման: Բանակցութիւններու լոյսին տակ երկու պետութիւններու ղեկավարները ստորագրած են շարք մը փաստաթուղթեր, ներառեալ Ղազախտսանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ դաշնակցային համագործակցութեան խորացման մասին հռչակագիր:...

«Կը Յարգենք Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութիւնը, Պիտի Շարունակենք Ուքրանացի Ժողովուրդին Օգնութիւն Ցուցաբերել»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Կը Յարգենք Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութիւնը, Պիտի Շարունակենք Ուքրանացի Ժողովուրդին Օգնութիւն Ցուցաբերել» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին` Ուքրանիոյ Անկախութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ալիեւ նշած է, որ առաջնորդուելով միջազգային օրէնքի արժեչափերով եւ սկզբունքներով, ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ` Ազրպէյճանը կը յարգէ պետութիւններու, ներառեալ Ուքրանիան,  տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: «Մենք պիտի շարունակենք մարդասիրական հարցերուն մէջ օգնութիւն ցուցաբերել ուքրանացի ժողովուրդին», աւելցուցած է Ալիեւ:

«Պատրաստ Եմ Հիւլէական Զէնք Օգտագործելու»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետի Յառաջատար Թեկնածուն

«Պատրաստ Եմ Հիւլէական Զէնք Օգտագործելու» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետի Յառաջատար Թեկնածուն

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Լիզ Թրաս յայտարարած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է հիւլէական զէնք օգտագործելու, եթէ վարչապետ դառնայ: «Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է իր մրցակից Ռիշի Սունաքի հետ նախընտրական բանավէճի ընթացքին: Հաղորդավարուհին Թրասին հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս պիտի վարուի, եթէ իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարելու ընթացքին հիւլէական զէնք օգտագործելու կարիք ըլլայ: «Կը...

«Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղութեան  Պահպանումը Կը Նկատէ  Իր Առաջնահերթութիւններէն Մէկը»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Ռուսիան Կը Բարձրացնէ Տաճիկիստանի Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Իր Ռազմակայաններու Մարտունակութիւնը» Կ՛ըսէ Շոյկու

Աֆղանիստանի մէջ կացութեան վատթարացման լոյսին տակ Ռուսիան կը բարձրացնէ Տաճիկիստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ իր ռազմակայաններու մարտունակութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Շենկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: Ան նաեւ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան ընթացքին յարձակումի կշռոյթներու դանդաղեցումը գիտակցուած որոշում է, որ կը բխի...

«Թրամփ Իր Կալուածին Մէջ Աւելի Քան 300 Գաղտնի Փաստաթուղթ Պահած Է»  Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

«Թրամփ Իր Կալուածին Մէջ Աւելի Քան 300 Գաղտնի Փաստաթուղթ Պահած Է» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի Մար-ա-Լակոյի մէջ գտնուող իր կալուածին մէջ առնուազն 300 գաղտնի փաստաթուղթ պահած է: Գաղտնի նիւթերու շարքին են «Սի.Այ.Էյ.»-ի, Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եւ «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի փաստաթուղթերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, որ Թրամփ յունուարին շուրջ 150 գաղտնի փաստաթուղթ փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային արխիւներու եւ փաստաթուղթերու վարչութեան: Թրամփի ներկայացուցիչները մնացեալ...

Չաւուշօղլու. «Արեւմուտքի Եւ ՕԹԱՆ-ի Մէջ Կան Պետութիւններ, Որոնք Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը Չեն Ուզեր»

Չաւուշօղլու. «Արեւմուտքի Եւ ՕԹԱՆ-ի Մէջ Կան Պետութիւններ, Որոնք Ուքրանիոյ Տագնապին Աւարտը Չեն Ուզեր»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Հապեր Կլոպըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց.  «Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի մէջ կան պետութիւններ, որոնք Ուքրանիոյ տագնապին աւարտը չեն ուզեր: Այդ պետութիւնները ականահարեցին ռուսական հողագործական արտադրութիւնները շուկայ փոխադրելու գործարքը, այդ պետութիւններուն անունները պիտի չնշեմ, սակայն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը զանոնք լաւ կը ճանչնայ»: 22 յուլիսին Ռուսիան, Թուրքիան, Ուքրանիան եւ ՄԱԿ-ը Պոլսոյ մէջ ռուսական...

Սուրիոյ Հետ Երկխօսութեան Համար Նախապայմաններու Չգոյութիւնը Նշելով`  «Շենկհայի Մէջ Սուրիոյ Հետ Ժողով Ծրագրուած Չէ, Եւ Ասատ Ժողովին Չէ Հրաւիրուած»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Սուրիոյ Հետ Երկխօսութեան Համար Նախապայմաններու Չգոյութիւնը Նշելով` «Շենկհայի Մէջ Սուրիոյ Հետ Ժողով Ծրագրուած Չէ, Եւ Ասատ Ժողովին Չէ Հրաւիրուած» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Սուրիական եւ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Սուրիոյ հետ երկխօսութիւն կատարելու համար նախապայմաններ չունինք», ընդգծեց Չաւուշօղլու: «Դամասկոսի կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ», ըսաւ ան` նշելով. «Շենկհայի մէջ սուրիական կառավարութեան հետ ժողով չէ ծրագրուած, եւ Սուրիոյ նախագահը հրաւիրուած չէ»: Նշենք, որ վերջերս շրջանառութեան մէջ...

Լաւրովի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  «Թրքական Վարչակարգը Պէտք Է Հեռացնէ Իր Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Իր Բռնագրաւած Հողերէն Եւ Դադրի Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Աջակցելէ»  Կ՛ըսէ Մըքտատ

Լաւրովի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Թրքական Վարչակարգը Պէտք Է Հեռացնէ Իր Ուժերը Սուրիոյ Մէջ Իր Բռնագրաւած Հողերէն Եւ Դադրի Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Աջակցելէ» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց.  «Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող անջատողական միլիսները պէտք է գիտակցին, որ պէտք է իրենց հայրենիքին ու Սուրիոյ բանակին կողքին կանգնին` պաշտպանելու համար Սուրիոյ միասնականութիւնը»: «Թրքական վարչակարգը պէտք է հեռացնէ իր ուժերը Սուրիոյ մէջ իր բռնագրաւած հողերէն եւ դադրի ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելէ ու...

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումը Կարելի Նկատելով`  Ուաշինկթըն «Խորապէս Մտահոգուած Է» Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Հիւսիսային Սահմանին Վրայ Բռնութեան Բռնկումով

Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Սահմանագծումը Կարելի Նկատելով` Ուաշինկթըն «Խորապէս Մտահոգուած Է» Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Հիւսիսային Սահմանին Վրայ Բռնութեան Բռնկումով

Ուաշինկթըն «Խորապէս մտահոգուած է» Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ բռնութեան բռնկումով: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ վերջին յարձակումներով եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու զինադադարը», ըսած է Փրայս` թրքական օդուժի ուժեղացուած ռմբակոծումներուն պատճառով շրջանին մէջ ըստ տեղեկութիւններու 21 խաղաղ բնակիչի, ներառեալ երեխաներ, մահէն...

Իրան Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը

Իրան Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը

Իրան Թուրքիոյ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը շրջանին համար օգտակար պիտի ըլլայ: «Թասնիմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանին: Ան նշած է, որ Իրան Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններ վարած է թուրք պաշտօնական անձնաւորութիւններու հետ թէ՛ երկկողմանի հանդիպումներու, թէ՛ ալ Ասթանայի ձեւաչափի ծիրին...

«Թուրքիան Կը Ջանայ Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Նախագահներուն Միջեւ Ուղղակի Հանդիպում Մը Կայացնել»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Կը Ջանայ Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Նախագահներուն Միջեւ Ուղղակի Հանդիպում Մը Կայացնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ ուղղակի հանդիպում մը կայացնելու` աւելցնելով, որ Թուրքիան այդպիսով կը փորձէ «լուծել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապը»: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այս մասին յայտարարած է Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի...

Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Միջազգային Երաշխիքներու Մասին Առաջին Փաստաթուղթը Կրնայ Յայտնուիլ 29-30 Օգոստոսին

Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Միջազգային Երաշխիքներու Մասին Առաջին Փաստաթուղթը Կրնայ Յայտնուիլ 29-30 Օգոստոսին

Ուքրանիոյ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու մասին առաջին փաստաթուղթը կրնայ յայտնուիլ 29-30 օգոստոսին: «ՌՊՔ-Ուքրաինա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաք: «Մենք անվտանգութեան երաշխիքները շատ կարեւոր կը նկատենք, մենք միշտ այդ մասին կը խօսինք մեր բոլոր գործընկերներուն հետ: Այսօր նոյնպէս ատիկա քննարկման առարկայ եղած է, ես ուրախ եմ, որ մեր գործընկերները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն... Մինչեւ այս...

«Քանատական Կազը Գերմանիա Արտածելը Դիւրին Պիտի Չըլլայ»   Կ՛ըսէ Թրիւտօ

«Քանատական Կազը Գերմանիա Արտածելը Դիւրին Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Թրիւտօ

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ յայտնեց, որ քանատական կազը Գերմանիա արտածելը դիւրին պիտի չըլլայ, նոյնիսկ եթէ Պերլին ուզէ Ռուսիայէն իր կախեալութիւնը նուազեցնելու համար կազի մատակարարման աղբիւրները դարձնել բազմազան: Թրիւտօ Մոնրէալի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին հեղուկ բնական կազի արտածման կարելիութիւնը նկատեց քիչ հաւանական` մատնանշելով Քանատայի արեւմուտքը գտնուող կազի հանքերուն եւ Ատլանտեան ովկիանոսի վրայ գտնուող նաւահանգիստներուն միջեւ...

Ուզպեքիստանի Մէջ Էրտողան-Ասատ Հանդիպո՞ւմ

Ուզպեքիստանի Մէջ Էրտողան-Ասատ Հանդիպո՞ւմ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը պատրաստուի կառավարութեան նիստի ընթացքին քննարկելու սուրիական ընդդիմութիւնն ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հաշտեցնելու նախաձեռնութիւնները: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Սապահ» օրաթերթը: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Էրտողանն ու Ասատը կրնան 10 տարուան մէջ իրենց առաջին հանդիպումը ունենալ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 սեպտեմբերին, Ուզպեքիստանի Սամարքանտ քաղաքին մէջ:  

Պայտըն, Ճոնսըն, Մաքրոն Եւ Շոլց Քննարկած Են Չափորոժիէի Հիւլէական Կայանին Շուրջ Տիրող Կացութիւնը

Պայտըն, Ճոնսըն, Մաքրոն Եւ Շոլց Քննարկած Են Չափորոժիէի Հիւլէական Կայանին Շուրջ Տիրող Կացութիւնը

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Զափորոժիէի հիւլէական կայանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը` միացեալ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ուղղելով` Եւրոպայի մեծագոյն հիւլէական կայանի յարակից տարածքին մէջ զինուորական գործողութիւններու ժամանակ զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ճօ Պայտըն, Պորիս Ճոնսըն, Էմանուէլ Մաքրոն եւ Օլաֆ Շոլց միեւնոյն ժամանակ վերահաստատած են Քիեւին...

Page 247 of 882 1 … 246 247 248 … 882

Արխիւներ