Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան կատարած վերջին զգայացունց այցելութենէն օրեր առաջ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն խնդրած է «գտնել Փելոսին այդ ուղեւորութենէն ետ պահելու ուղին», սակայն մերժուած է: Այս մասին կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Սպիտակ տան կացութեան ծանօթ պաշտօնատարները:
Երկու ղեկավարներու 28 յուլիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըստ հրատարակութեան զրուցակիցներուն, Չինաստանի կողմէ Փելոսիի այցելութեան նախապատրաստութեան առնչուած Միացեալ Նահանգներուն փոխանցուած «բազմաթիւ նախազգուշացումներու» գագաթնակէտն էր:
Փեքինի ներկայացուցիչները մասնաւորաբար Ուաշինկթընին տեղեկացուցած են, թէ ի՛նչ պատասխան քայլեր կրնան հետեւիլ, եթէ, հակառակ բոլոր նախազգուշացումներուն, Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը իսկապէս կայանայ:
«Սակայն Պայտըն Սի Ծինփինին ըսած է, որ չի կրնար կատարել այս պահանջը` բացատրելով, որ Քոնկրեսը իշխանութեան անկախ ճիւղ է, եւ որ Փելոսին, ինչպէս Քոնկրեսին միւս անդամները, արտասահման այցելութիւններու վերաբերեալ առանձին որոշումներ կու տան», պատմած է ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի աղբիւրներէն մէկը:
Չինաստան, որ կղզին կը նկատէ իր նահանգներէն մէկը, դատապարտած է Փելոսիի այցելութիւնը` այդ քայլը նկատելով Միացեալ Նահանգներու թայուանական անջատողականութեան աջակցութիւն, եւ սկսած լայնածաւալ ռազմափորձեր:


