Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ ուքրանական Լվով քաղաքի մէջ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եռակողմ հանդիպումը քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ ռուսական պատերազմին պատճառած նիւթական վնասներն ու անոնց ազդեցութիւնը մեղմացնելու կարելիութիւնները»:
«Այսօրուան հանդիպումի ընթացքին քննարկեցինք պատանդներու հարցն ու պատերազմին վերջ տալու կարելիութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք ջանք կը թափենք պատերազմին դիւանագիտական միջոցներով վերջ տալու»:
«Ուքրանական հացահատիկի փոխադրութեան շուրջ համաձայնութիւնը օգուտ պիտի բերէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին», յայտնեց Էրտողան` նշելով. «Նախագահ Զելենսքիին յայտնեցի, որ Թուրքիան Ուքրանիոյ վերաշինութեան համար պէտք եղած ամէն օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ»:
«Թուրքիան Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնի», ըսաւ Էրտողան:
«Մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք ուքրանական Զափորոժիէ հիւլէական կայանին մօտ ընթացող բախումներուն նկատմամբ», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Նոր Չեռնոպիլ մը տեսնել չենք ուզեր»:
«Մենք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ կապ պիտի հաստատենք այսօրուան մեր բոլոր հանդիպումներուն արդիւնքները գնահատելու համար», յայտնեց ան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Էրտողանի` Ուքրանիա այցելութեան ծիրին մէջ պատերազմի պատճառով քանդուած ենթակառոյցներու վերակառուցման շուրջ համաձայնութիւն կնքած են:
Էրտողան եռակողմ հանդիպումէն առաջ երկկողմանի հանդիպում մը ունեցաւ Զելենսքիի հետ: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Թուրքիոյ նախագահին Ուքրանիա այցելութիւնը ասոր նման կարեւոր երկրի մը կողմէ զօրակցութեան ուժեղ պատգամ մըն է»:


