Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծի ծիրին մէջ տարանցման մաքսային ընթացակարգերը յստակացնելու նպատակով առաջնային տուեալներու ելեկտրոնային փոխանակման վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Փաստաթուղթը ստորագրուած է 18 օգոստոսին` Պաքուի մէջ երեք երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ մաքսային հարցերով եռակողմ յանձնախումբի նիստի ծիրին մէջ:


