Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Մահափորձ` Ալեքսանտր Տուկինի Դէմ. Անոր Դուստրը Տեղւոյն Վրայ Մահացած Է

August 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի Մոժայսքոյէ խճուղիին վրայ շաբաթ գիշեր պայթեցուցած են ռուս հասարակական գործիչ, մտաւորական Ալեքսանտր Տուկինին պատկանող «Լանտ Քրուզըր» ինքնաշարժը, զոր կը վարէր անոր 30 տարեկան դուստրը` Տարիա Տուկինան:

Ռուսական «Կազմեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջինս տեղւոյն վրայ մահացած է:

Քննչական կոմիտէին տուեալներով, ինքնաշարժին մէջ, ենթադրաբար, պայթուցիկ սարք մը գործարկուած է: Պայթումը տեղի ունեցած է, երբ ինքնաշարժը ընթացքին մէջ էր:

Ենթադրաբար, ականը նախատեսուած էր հայրը` Տուկինը սպաննելու համար:

Ներկայիս Ռուսիոյ քննչական կոմիտէի Մոսկուայի մարզի քննչական գլխաւոր վարչութեան քրէագէտներն ու քննիչները` Ռուսիոյ ապահովական այլ մարմիններէն գործընկերներու եւ պայթուցիկներու մասնագէտներու մասնակցութեամբ կը շարունակեն դէպքի վայրին զննումը: Արդիւնքներուն համաձայն պիտի նշանակուին շարք մը փորձաքննութիւններ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Քիեւ յայտարարած է, թէ կապ չունի Տուկինի ինքնաշարժի պայթեցման հետ: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաք շեշտած է. «Ես կ՛ընդգծեմ, որ Ուքրանիան, ի հարկէ, այս բոլորին հետ կապ չունի, որովհետեւ մենք յանցագործ պետութիւն չենք,  Ռուսիան է յանցագործը եւ առաւել եւս` ահաբեկչականը»:

Ռուսական դատախազութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ինքնաշարժի ականահարումը նախապէս ծրագրուած էր եւ «վարձկանի ճամբով սպանութիւն» բնոյթի է: Դատախազութիւնը նշեց, որ ականը զետեղուած է ինքնաշարժի վարորդի նստարանին տակ եղող բաժինին վրայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց, որ եթէ «Տուկինի դստեր ահաբեկման մէջ Ուքրանիոյ մեղսակցութիւնը փաստուի, ատիկա Քիեւի որդեգրած պետական ահաբեկչութեան ձեւերէն մէկը պիտի ըլլայ»:

 

 

Նախորդը

Այսօր Եգիպտոսի Մէջ Յորդանանի, Քաթարի, Իրաքի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջեւ Վեհաժողո՞վ

Յաջորդը

«Ռուսերը Կը Փորձեն Թուրքիան Օգտագործել` Միացեալ Նահանգներու Եւ Այլ Երկիրներու Հաստատած Պատժամիջոցները Շրջանցելու Համար» Կ՛ըսէ Ատեյեմօ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.