Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Սպիտակ Տունը Յուսախաբ Է Ապպասի` Պայտընի Վարչակազմին Չվստահելուն Մասին Փութինին Ըսած Խօսքէն

October 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է. «Սպիտակ տունը մեծապէս յուսախաբ է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ըսած այն խօսքէն, թէ Պայտընի վարչակազմին չի վստահիր»:

«Ռուսիան միջազգային արդարադատութեան ու օրէնքին չի զօրակցիր, ինչպէս ի յայտ եկաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի մէջ վերջին քուէարկութեան ընթացքին», նշեց բանբերը` աւելցնելով. «Փութին շատ հեռու է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին շինիչ կերպով դիմակայման համար պէտք եղած գործընկերի տեսակէն»:

«Ի տարբերութիւն ատոր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը ցոյց տուաւ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ  կայունութեան ու բարգաւաճման ամրապնդման համար շինիչ լուծումներու որոնման ու մնայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ աշխատանքին մէջ», ըսաւ ան:

Ապպաս Ղազախստանի մէջ ԱՊՀ երկիրներու վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած էր Փութինի հետ եւ անոր յայտնած. «Պաղեստինցիները Ամերիկայի նկատմամբ վստահութիւն չունին, եւ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար առանձին Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան միջեւ միջնորդութիւն կատարել»:

«Մենք անոնց չենք վստահիր, եւ որեւէ պարագայի չենք ընդունիր, որ Ամերիկան խնդիրի լուծման մէջ միակ կողմը ըլլայ», աւելցուցած էր Ապպաս` նշելով, որինք Ռուսիոյ` պաղեստինցիներուն աջակցութեամբ «ուրախ եւ գոհ» է:

«Ռուսիան միջազգային արդարութեան եւ օրէնքին կը կառչի, եւ ատիկա մեզի համար բաւարար է», ընդգծած էր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը:

Նախորդը

Էրտողան Ուժանիւթի Նախարարութեան Կը Հրամայէ Թուրքիոյ Մէջ Կազի Կեդրոն Ստեղծելու Աշխատանք Տանիլ

Յաջորդը

«Թայուանի Դէմ Ուժի Կիրարկումէն Հրաժարելուն Յանձնառու Պիտի Չըլլանք, Եւ Դէմ Ենք Պաղ Պատերազմին Մտայնութեան» Կ՛ըսէ Չինաստանի Նախագահը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.