Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան «Կրնայ Վերատեսութեան Ենթարկել» ՄԱԿ-ի Հետ Համագործակցութիւնը, Եթէ ՄԱԿ-ը Անօդաչու Թռչող Սարքերու Հարցով Ուքրանիա Փորձագէտներ Ուղարկէ

October 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի համագործակցութիւնը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ, եթէ կազմակերպութիւնը իր փորձագէտները ուղարկէ Ուքրանիա` ուսումնասիրելու համար վար առնուած անօդաչու թռչող սարքերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի:

Անոր համաձայն, Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ միայն սեփական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործէ:

«Մենք ունինք անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մեր արդիւնաբերութիւնը, ուստի բոլոր մեղադրանքները կը մնան մեր արեւմտեան գործընկերներու խղճին», լրագրողներուն ըսած է Փոլիանսքի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փակ նիստէն ետք, ուր մեղադրանքներ հնչած են Իրանէն անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումներու վերաբերեալ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նախապէս յայտարարած էր, որ մտադիր է մասնագէտներու խումբ մը ուղարկել Ուքրանիա` հաստատելու պատկանելիութիւնը անօդաչու թռչող սարքերու, որոնց միջոցով Ռուսիան զանգուածային հարուածներ կը հասցնէ ուքրանական ենթակառոյցներուն:

Քիեւն ու Արեւմուտքը կը պնդեն, որ այդ անօդաչու թռչող սարքերը Իրանի կողմէ կը մատակարարուին Ռուսիոյ: Թեհրանն ու Մոսկուան կը հերքեն այդ մեղադրանքները:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք վճռականութեամբ լեցուած ենք` աշխատելու դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ Ռուսիոյ վտանգաւոր սպառազինութեան յանձնումը կանխարգիլելու համար»:

«Մենք առանց վարանումներու պիտի կիրարկենք մեր պատժամիջոցները եւ միւս գործիքակազմերը անոնց նկատմամբ, որոնք մասնակից են այդ յանձնումներուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Փութին Անհաւանական Բարդ Կացութեան Մէջ Է» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Վարչապետ Լիզ Թրաս Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.