Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերը զանգուածային ռազմափորձերու սկսած են Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ռազմափորձերը մէկ մասն են տարեկան առաքելութեան, որ ուղղուած է Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու մարտունակութեան բարձրացման:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր ըսած է, որ ռազմափորձերը պէտք է խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ անվտանգութեան ուղերձ հասցնեն դրացիներուն:
Ռազմափորձերու օրակարգին վրայ են անկարգելով էջքեր, գիշերային գործողութիւններ, ուղղաթիռներու մարտական գործողութիւններ, մարտական եւ մահապարտ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութիւն, ինչպէս նաեւ Արաքս գետի վրայ կամուրջի կառուցում, ճամբաներու վերահսկում, բարձունքներու գրաւում եւ ոչնչացում: