Պաղեստինեան ժողովրդային պայքարի ճակատի ընդհանուր քարտուղար Խալետ Ապտել Մաժիտ երէկ յայտնեց, որ Համաս շարժումէն պատուիրակութիւն մը այսօր 10 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Դամասկոս` հանդիպում ունենալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Ան «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Ասատ հանդիպում պիտի ունենայ միայն Համասի արաբական յարաբերութիւններու պատասխանատու Խալիլ Հայէի հետ, որ կը գլխաւորէ պատուիրակութիւնը:


