Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու Ռուսիոյ զէնքի մատակարարումը, որ վերջինս կ՛օգտագործէ պատերազմի ժամանակ: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:
«Ուքրանիոյ մէջ նուաճողական պատերազմ վարելու եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներու սպանութեան համար զէնք տրամադրելը Իրանը մեղսակից կը դարձնէ Ռուսիոյ յանցաւոր յարձակումին, զինուորական յանցագործութիւններուն եւ Ուքրանիոյ դէմ ահաբեկչական գործողութիւններուն», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիմթրի Քուլեպա Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է պատժամիջոցներ հաստատելու Իրանի դէմ` Ռուսիոյ օգնելուն համար:
Նախարարութիւնը յայտնած է, որ վերջին շաբթուան ընթացքին Ռուսիան, օգտագործելով իրանեան «քամիքազ» անօդաչու թռչող սարքերը, հարիւրէ աւելի հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ քաղաքներուն` վնաս հասցնելով բնակելի շէնքերու, ելեկտրակայաններու, կոյուղիի մաքրման կայաններու, կամուրջներու եւ խաղահրապարակներու:
«Քոմերսանթ» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ խորհրդարանի անդամ Ալեքսէյ Կոչարենքօ Գերագոյն ռատա ներկայացուցած է Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու եւ զայն իբրեւ ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն ճանչնալու որոշման նախագիծ մը:
Երեսփոխանը նաեւ Ռատային կոչ ուղղած է դիմելու ՄԱԿ-ին, Եւրոպական խորհրդարանին, ԵԽԽՎ-ին, ՕԹԱՆ-ին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու կառավարութիւններուն` կոչ ուղղելով Իրանը ճանչնալու իբրեւ «ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն»:
Միւս կողմէ, «քոմերսանթ» նաեւ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մերժած է պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան Իրանէն անօդաչու թռչող սարքեր գնա՞ծ է: Անոր համաձայն, Քրեմլին նման տեղեկութիւն չունի:
«Ոչ, մենք նման տեղեկութիւն չունինք, կ՛օգտագործուի ռուսական սպառազինութիւն, դուք այդ մասին գիտէք, ռուսերէն անուններով, մնացած բոլոր հարցումները կարելի է ուղղել պաշտպանութեան նախարարութեան», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Փեսքով:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ 10 հոկտեմբերէն ի վեր ռուսական ուժերու հրթիռային հարուածներուն պատճառով ոչնչացուած է Ուքրանիոյ ելեկտրակայաններու 30 առ հարիւրը` յանգեցնելով ամբողջ երկրի տարածքին ելեկտրականութեան անջատումներու:
«Փութինի վարչակարգին հետ բանակցութիւններու համար տեղ չէ մնացած», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Զելենսքի:
Աշխարհի 22 Երկիրներ Իրանէն
Խնդրած Են Իրենց Մարտական Անօդաչու
Թռչող Սարքեր Մատակարարել
Աշխարհի 20-է աւելի պետութիւններ հետաքրքրուած են եւ դիմած Իրանին` խնդրելով իրենց մարտական անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարել: Այս մասին 18 հոկտեմբերին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի օգնական եւ գլխաւոր զինուորական խորհրդական զօր. Եահիա Սաֆաւին: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԻՍՆԱ-ին:
Սաֆաւի, անդրադառնալով 1979 թուականի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ Իրանի նուաճումներուն եւ երկրի զինեալ ուժերուն մէջ նորագոյն ձեռքբերումներու ներդրման, յայտնած է. «Այժմ մենք հասած ենք կացութեան մը, երբ 22 երկիրներ մեզի դիմած են` խնդրելով իրենց մարտական անօդաչու թռչող սարքեր վաճառել»:
Ան նաեւ ընդգծած է մարտական գործողութիւններու ղեկավարման համարկման եւ պաշտպանական համակարգի մշակման ու ստեղծման խնդիրի լուծման կարեւորութիւնը:


