Միջազգային

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Որդեգրած Է  «Ապատեղեկատուութեան Մասին»  Վիճայարոյց Օրէնքը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Որդեգրած Է «Ապատեղեկատուութեան Մասին» Վիճայարոյց Օրէնքը

Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունած է «Ապատեղեկատուութեան մասին» վիճահարոյց օրէնքը, որ կը նախատեսէ մէկէն երեք տարուան բանտարկութիւն այն անձերուն համար, որոնք մեղաւոր ճանչցուած են հրապարակաւ ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ տարածելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թ24»-ը: Այս օրէնքի 29-րդ յօդուածը հաւանութեան արժանացած է իշխող դաշինքին կողմէ, որ կը ներառէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:...

Փութին. «Թուրքիան Ռուսական Կազը  Եւրոպական Միութիւն Հասցնելու Հարցին Մէջ  Ամէնէն Վստահելի Գործընկերն Է»

Փութին. «Թուրքիան Ռուսական Կազը Եւրոպական Միութիւն Հասցնելու Հարցին Մէջ Ամէնէն Վստահելի Գործընկերն Է»

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած Ասիոյ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու 6-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են ուժանիւթային անվտանգութեան, երկկողմանի համագործակցութեան, հացահատիկի փոխադրման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հարցերը: Փութին ըսած է, թէ Թուրքիան կազը Եւրոպական Միութիւն փոխադրելու հարցին մէջ ամէնէն վստահելի գործընկերն է: Ան առաջարկած...

Ուաշինկթընի Մէջ Կրակած Են Ազրպէյճանի  Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

Ուաշինկթընի Մէջ Կրակած Են Ազրպէյճանի Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ 11 հոկտեմբերի կէս գիշերէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ գնդակոծուած է Ազրպէյճանի դեսպանատան ծառայողական ինքնաշարժը: Ազրպէյճանի դեսպանատունը միջադէպին մասին անմիջապէս տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու համապատասխան գերատեսչութիւնները եւ տեսախցիկի պատկերներ տրամադրած:  

Պլինքըն Եւ Նուլընտ Դիւանագէտներու Հետ  Հանդիպում Ունենալով Կոչ Ուղղած Են Զօրակցելու  Ռուսիան Դատապարտող ՄԱԿ-ի Բանաձեւին

Պլինքըն Եւ Նուլընտ Դիւանագէտներու Հետ Հանդիպում Ունենալով Կոչ Ուղղած Են Զօրակցելու Ռուսիան Դատապարտող ՄԱԿ-ի Բանաձեւին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ` անոնց կոչ ուղղելով աջակցելու ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական տարածքներու բռնակցումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Առցանց հանդիպումին մասնակցած են աւելի քան 100 պետութիւններ ներկայացնող 165 դիւանագէտներ: Բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի...

«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Խրիմի Կամուրջին Վրայ Կատարուած  Պայթումին Գործով Ձերբակալած Է Շարք Մը  Կասկածելիներ, Ներառեալ Հայաստանի Քաղաքացի Մը

«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Խրիմի Կամուրջին Վրայ Կատարուած Պայթումին Գործով Ձերբակալած Է Շարք Մը Կասկածելիներ, Ներառեալ Հայաստանի Քաղաքացի Մը

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային գրասենեակը` «Էֆ.Էս.Պի.»-ն Խրիմի կամուրջին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումին քրէական գործով ձերբակալած է Ռուսիոյ 5 քաղաքացի, Ուքրանիոյ 3 քաղաքացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ քաղաքացի: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Հաստատուած է, որ Խրիմի կամուրջին վրայ գործուած ահաբեկչութեան կազմակերպիչը եղած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր հետախուզական վարչութիւնը, ատոր ղեկավար Քիրիլ Պուտանովը, աշխատակիցներ եւ գործակալներ», նշուած է «Էֆ.Էս.Պի.»-ի...

Չարլզ Գ.-ի Թագադրման  Արարողութիւնը` 6 Մայիսին

Չարլզ Գ.-ի Թագադրման Արարողութիւնը` 6 Մայիսին

Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի թագադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 մայիս 2023-ին, անոր մօր` Էլիզապեթ Բ. թագուհիի մահէն գրեթէ 8 ամիս ետք: Պաքինկհամ պալատի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, թագադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Չարլզ թագաւոր պիտի օծուի կրօնական արարողութեամբ մը, որ պիտի վարէ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը` Ճասթին Ուիլպի: Ան պիտի թագադրուի իր կնկան`...

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ  Բարեփոխումներ Կատարելու Ժամանակը Եկած Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Բարեփոխումներ Կատարելու Ժամանակը Եկած Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բարեփոխումներ կատարելու ժամանակը եկած է: Ռուսական դիւանագիտութեան պետին կարծիքով` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ զարգացող երկիրներու պակաս կը զգացուի, եւ այս խնդիրը պէտք է կարգաւորուի: «Երբ նախորդ տարի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամէն 6-ը արեւմտեան երկիրներ էին, իսկ յաջորդ տարի, հաշուի առնելով ոչ մնայուն անդամներու վերընտրութիւնը, արդէն 7` գրեթէ...

«Ռուսիոյ Զանգուածային Հարուածները  Խորապէս Կը Փոխեն Պատերազմի Բնոյթը»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ռուսիոյ Զանգուածային Հարուածները Խորապէս Կը Փոխեն Պատերազմի Բնոյթը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ուքրանիոյ ենթակառոյցներուն Ռուսիոյ օդային հարուածները պատերազմի «բնոյթի խորքային փոփոխութիւն» են: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն` երկրի արեւմուտք կատարած ուղեւորութեան ժամանակ: Անոր համաձայն, Փարիզ վերադառնալուն պէս ան պիտի հրաւիրէ իր զինուորական ու դիւանագիտական խորհրդականները` «կացութիւնը վերլուծելու համար»: Մաքրոն երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Կողմերը քննարկած էին Ուքրանիոյ հակաօդային...

Այսօր Ասթանայի Մէջ  Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Այսօր Ասթանայի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 12 հոկտեմբերին պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է թուրք պաշտօնատար մը: Երկու նախագահներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ասթանայի մէջ` ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու վեհաժողովի ծիրին մէջ: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր, որ Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ Ասիոյ մէջ համագործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած հանդիպումի ծիրին...

Թուրքիոյ Մէջ Կը Փորձեն Իրանի  Ազրպէյճանցիներու Կառավարութիւն Ստեղծել

Թուրքիոյ Մէջ Կը Փորձեն Իրանի Ազրպէյճանցիներու Կառավարութիւն Ստեղծել

Իրանի մէջ հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն զուգահեռ ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուած է յայտարարութիւն մը, որուն հեղինակները իրենք զիրենք կոչած են «Հարաւային Ազրպէյճանի ժամանակաւոր ազգային ժողով»: Յայտարարութեան մէջ հեղինակները նշած են, որ Իրանէն դուրս կառավարութեան ստեղծման աշխատանքներու սկսած են: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 1 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ «Հարաւային Ազրպէյճանի» քաղաքական գործիչները հաւաքուած եւ որոշած են ստեղծել «Հարաւային Ազրպէյճանի ժամանակաւոր ազգային ժողով»,...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Իր Մօտ Կանչեց Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Գործավարը`  Բողոքելու Համար Քիեւի Մէջ Սադրիչ Արարքի Մը Դէմ

«Միացեալ Նահանգներ Կը Զինեն Քիեւը, Կ՛ուղղորդեն, Թէ Ինչպէ՛ս Վարել Զինուորական Գործողութիւնները» Կ՛ըսէ Փոլիշչուք

Միացեալ Նահանգներ կ՛օգնեն Քիեւին հաւաքագրելու օտարերկրեայ վարձկանները եւ կողմնորոշուելու զինուորական գործողութիւններ վարելու հարցին մէջ, այս բոլորը Ուաշինկթընը կը դարձնեն Ուքրանիոյ տագնապի կողմ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու երկրորդ վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Փոլիշչուք: «Իսկապէս, Ուաշինկթըն կը շարունակէ եռանդուն կերպով ծանր սպառազինութիւն տրամադրել Քիեւին, անոր տրամադրել հետախուզական տուեալներ բազմաթիւ զինուորական եւ...

Թուրքիոյ Մէջ Շուէտի Դեսպանը Կանչուած Է  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիոյ Մէջ Շուէտի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թուրքիոյ մէջ Շուէտի դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` շուէտական պետական պատկերասփիւռի կայանէն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին «վիրաւորական» հաղորդում հեռարձակման պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան: Դեսպան Սթաֆան Հերսթրոմին յայտնուած է, որ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հասցէին «լկտի եւ տգեղ արտայայտութիւններն ու պատկերները» անընդունելի են: Դէպքը տեղի կ՛ունենայ շուէտական պատուիրակութեան Անգարա...

Սպիտակ Տունը ՕՓԵՔ+-ը Կը Մեղադրէ Ռուսիոյ Հետ  Համերաշխ Ըլլալու Յանցանքով

Սպիտակ Տունը ՕՓԵՔ+-ը Կը Մեղադրէ Ռուսիոյ Հետ Համերաշխ Ըլլալու Յանցանքով

Սպիտակ տունը ՕՓԵՔ+-ը մեղադրած է Ռուսիոյ հետ համերաշխ ըլլալու յանցանքով, երբ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած խումբը համաձայնութիւն գոյացուցած է քարիւղի արտադրութեան կրճատման շուրջ, ինչ որ զայրոյթ յառաջացուցած է այն երկիրներուն մօտ, որոնք արդէն իսկ կը պայքարին ուժանիւթի գնաճին դէմ, որ յարուցուած էր Ուքրանիոյ տագնապին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: ՕՓԵՔ+ խումբը երկու տարուան ընթացքին Վիեննայի մէջ իր առաջին հանդիպումէն...

«ՀԱՊԿ-ը Առանցքային Դեր Կը Խաղայ Շրջանային  Կայունութեան Ապահովման Գործին Մէջ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«ՀԱՊԿ-ը Առանցքային Դեր Կը Խաղայ Շրջանային Կայունութեան Ապահովման Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Զախարովա

ՀԱՊԿ-ը առանցքային դեր կը խաղայ շրջանային կայունութեան ապահովման գործին մէջ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան յիշեցուց, որ այսօր` 7 հոկտեմբերին, կազմակերպութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը: Ըստ Զախարովայի, 2002 թուականի այս օրը որոշում տրուած է ՀԱՊԿ-ի կարգավիճակ տրամադրել միջազգային շրջանային կազմակերպութեան: «Համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ կազմակերպութիւնը անցած...

«Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը  Այլեւս Գործընկերներ Չեն»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Ռուս-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Այսօր Ողբալի Վիճակի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Անթոնով

Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները այսօր ողբալի վիճակի մէջ են, մօտեցած են վտանգաւոր գիծի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուսական պատկերասփիւռի Առաջին ալիքի եթերէն յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով: «Ես, հաւանաբար, պիտի սկսէի հիմնական կէտէն` փորձել հասկնալ, թէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները ինչո՛ւ այսօր այսքան ողբալի վիճակի մէջ են… Պարզապէս ըսել, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները հասած...

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Մերժած Են  Ռուսիոյ Դեսպանատան Մօտ Բողոքի  Ցոյց Կազմակերպելու Արտօնութիւն Տալ

Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Մերժած Են Ռուսիոյ Դեսպանատան Մօտ Բողոքի Ցոյց Կազմակերպելու Արտօնութիւն Տալ

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մերժած են Պաքուի Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյցի կազմակերպման արտօնութիւն տալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է «Ժողովրդավարութիւն եւ բարեկեցութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Կուպաթ Իպատօղլուն: Անոր առաջնորդութեամբ ցոյցը նախատեսուած է 7 հոկտեմբերին, մասնակիցները մտադիր էին Ռուսիոյ դեսպանատունէն պահանջել Ղարաբաղէն «ռուսական բռնագրաւող բանակի հեռացում»: «Հակառակ քաղաքապետարանի մերժման, կուսակցութիւնը պիտի կատարէ ռուսական դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյցը», Դիմատետրի...

Փութին Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

«ՕԹԱՆ Այժմ Կը Պայքարի Ռուսիոյ Դէմ» Կ՛ըսէ Փաթրուշեւ

ՕԹԱՆ-ի դաշինքը այժմ իրական կերպով կը պայքարի Ռուսիոյ դէմ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: «Այսօր Ռուսիան, Ուքրանիոյ ժողովուրդը նոր նացիականութենէն ազատելով, կը պայքարի ո՛չ միայն ազգայնական կազմաւորումներուն եւ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն դէմ. մեր դէմ փաստացի կը պայքարի ՕԹԱՆ-ի պլոքը, որուն անդամները Քիեւի վարչակարգին ծանր սպառազինութիւն, զինամթերք, հետախուզութիւն կը տրամադրեն, կ՛ապահովեն...

Թուրքիան Կ՛ուզէ Մեծցնել Միացեալ  Նահանգներէն Գնուող Կազի Ծաւալը

Թուրքիան Կ՛ուզէ Մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն Գնուող Կազի Ծաւալը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան կ՛ուզէ մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն գնուող հեղուկ բնական կազի ծաւալը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան ըսած է Նիւ Եորքի մէջ թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդի նիստի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ: «Յառաջիկային մենք կ՛ուզենք աւելի շահաւէտ պայմաններով մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն գնուող կազի ծաւալները: Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու ամերիկեան հեղուկ բնական կազի` շրջանի...

Ազրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան  Նախարարները Քննարկած Են Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Կարելիութիւնները

Ազրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ռազմական-Արհեստագիտական Համագործակցութիւնը Զարգացնելու Կարելիութիւնները

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի` պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող պաշտպանութեան նախարարին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, կողմերը քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութիւնը զարգացնելու, ռազմական մասնագէտներու միջեւ աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպելու կարելիութիւնը: Իսրայէլ Ազրպէյճանին սպառազինութիւն մատակարարող հիմնական երկիրներէն մէկն է, որմէ Պաքուն կը գնէ ռազմամթերք, հետախուզական անօդաչու թռչող...

Շուէտ Ջնջած Է Թուրքիոյ  Զէնք Վաճառելու Արգելքը

Շուէտ Ջնջած Է Թուրքիոյ Զէնք Վաճառելու Արգելքը

Շուէտ ջնջած է Թուրքիոյ զէնք վաճառելու արգելքը, որ կը գործէր 2019 թուականէն ի վեր` քիւրտ զինեալներու դէմ թրքական բանակին սկսած զինուորական գործողութիւններէն ետք: Որոշումը վերատեսութեան ենթարկուած է պահանջովը Անգարայի, որ կը սպառնար հակառակ պարագային վեթոյի ենթարկել Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը: Շուէտը եւ Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմում ներկայացուցած էին մայիսին: Դիմումը պէտք է ընդունուի ՕԹԱՆ-ի անդամ բոլոր 30 երկիրներուն կողմէ, ներառեալ Թուրքիան:...

Page 240 of 882 1 … 239 240 241 … 882

Արխիւներ