Իրան ստեղծած է նոր գերձայնային թեւաւոր հրթիռ, որ կրնայ խոցել յառաջադէմ օդային պաշտպանութեան վահանները եւ որոշակի թիրախներ, անիկա Իրանի արեւմտեան շրջաններէն արձակուելու պարագային կրնայ չորս վայրկեանէն նուազ ժամանակի մէջ հասնիլ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւ:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Յեղափոխական պահակագունդի օդատիեզերական բաժինի ղեկավար Ամիր Ալի Հաժիզատէ:
«Հրթիռը ունի մեծ արագութիւն եւ կրնայ խուսանաւել թէ՛ Երկիրի մթնոլորտին մէջ, թէ՛ ալ անկէ դուրս», ըսած է բարձրաստիճան հրամանատարը:
Գերձայնային հրթիռը կրնայ թռչիլ ձայնի արագութենէն հինգ անգամ աւելի արագ: