Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Տնեփրի Աջ Ափէն Ռուսական Բանակի Նահանջի Մասին` «Մոսկուան Իր Բանակին Հետ Իրական Խնդիրներ Ունի» Կ՛ըսէ Պայտըն

November 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ իր զօրքերը Տնեփր գետի արեւմտեան ափէն հեռացնելու Ռուսիոյ որոշումը ցոյց կու տայ, որ Մոսկուան իր բանակին հետ «իրական խնդիրներ» ունի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Պայտըն լրագրողներուն ըսած է, որ հետաքրքրական է, որ Ռուսիան սպասած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ընտրութիւններուն աւարտը, որպէսզի իր զօրքերու հեռացման մասին յայտարարէ: «Ատիկա կը վկայէ, թէ անոնք ռուս զինուորականներու հետ իրական խնդիրներ ունին», ըսած է ան:

Պայտընի կարծիքով` հեռացումը երկու կողմերուն կ՛արտօնէ ձմրան վերատեսութեան ենթարկել իրենց դիրքորոշումները, սակայն տակաւին պէտք է յստակացնել, թէ արդեօք Ուքրանիան պատրա՞ստ է Ռուսիոյ հետ փոխզիջումի դիմել:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հինգշաբթի օր համաձայն գտնուած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան հրամանատար Սերկէյ Սուրովիքինի` Խերսոնի մարզը Տնեփրի գետի ձախ ափէն պաշտպանելու առաջարկին:

«Համակողմանի գնահատելով կացութիւնը` կ՛առաջարկուի պաշտպանութիւնը կատարել Տնեփրի ձախ ափէն: Կը հասկնամ, որ ատիկա դիւրին որոշում չէ: Միեւնոյն ժամանակ մենք կը պահպանենք ամէնէն կարեւորը` մեր զինուորներու կեանքն ու զօրախումբերու անվտանգութիւնը, որ գետի աջ ափին պահելը անհեռանկարային է: Բացի ատկէ, կ՛ազատուին միջոցներ եւ ուժեր, որոնք կրնան ընթացող գործողութիւններու մասնակցիլ գործողութեան այլ ուղղութիւններով», ըսած է Սուրովիքին:

«Շարունակեցէ՛ք զօրքերու հեռացումը եւ ձեռնարկեցէ՛ք բոլոր միջոցներուն` ապահովելու համար անձնակազմի, զէնքի եւ սպառազինութեան անվտանգ տեղափոխումը Տնեփրի միւս ափ», հրամայած է Շոյկու:

Նշենք, որ Խերսոն քաղաքը կը գտնուի Տնեփր գետի աջ ափին:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, խօսելով ռուսական ուժերը Խերսոնէն հեռացնելու որոշումին մասին, երէկ ըսաւ. «Խերսոնի վերաբերեալ Ռուսիոյ որոշումը դրական որոշում է, կարեւոր որոշում»:

 

Նախորդը

Իրանը Եւ Ռուսիան Քննարկած Են Արեւմտեան Գաղտնի Սպասարկութիւններու Կողմէ Երկու Երկիրներու Ներքին Գործերուն Միջամտութեան Հարցը

Յաջորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Ըսած Է, Որ Կրնան Իրանը Հարուածել

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.