«ԷՖ-16» օդանաւեր գնելու հարցը Թուրքիոյ համար «շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ», եթէ հանրապետականները ի վերջոյ վերահսկեն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Լրատու գործակալութիւնը կը մանրամասնէ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան հոկտեմբերին խնդրած էր գնել 40 «Լոքհիտ Մարթին Քորփ ԷՖ-16» հալածիչներ եւ իր գործող պատերազմական օդանաւերուն համար շուրջ 80 արդիականացման յաւելուածներ. երկու կողմերուն միջեւ թեքնիք բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Որեւէ վերջնական վաճառք պէտք է հաստատուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ, սակայն այժմ Անգարայի համար որոշ խոչընդոտներ կան` հաշուի առնելով թուրք-ամերիկեան երբեմն լարուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ որոշ ամերիկացի օրէնսդիրներու մօտ թերահաւատութիւնը:
«Իմ յոյսս այն է, որ յաջորդ ամիսը լեցուած պիտի ըլլայ լաւ նորութիւններով, եւ մենք «ԷՖ-16»-ի հարցին մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրենք շատ դրական ուղղութեամբ: Եթէ հանրապետականները ստանան Ծերակոյտին մէջ իրենց անհրաժեշտ քանի մը տեղերը (դառնալու համար մեծամասնութիւն, «Ա.»), մեզի համար ամէն ինչ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ», ըսած է Էրտողան:
Յիշեցնենք, որ 8 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցան Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները:


