Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը պահպանեց Ծերակոյտին վրայ իր վերահսկողութիւնը, երբ դեմոկրատական թեկնածու Քաթրին Քորթեզ Մասթօ Նեւատայի մէջ յաղթանակ արձանագրելով վերընտրուեցաւ Ծերակոյտի անդամ: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ը:
Քաթրին Քորթեզ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Շնորհակալութիւն Նեւատա»: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, ան ապահոված է քուէներուն 48,7 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը` հանրապետական Էտըմ Լաքսալթ ստացած է քուէներու 48,2 առ հարիւրը:
Ուրբաթ օր «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» եւ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայաններուն նախատեսութիւնները ցոյց տուին, որ դեմոկրատական ծերակուտական Մարք Քելի վերընտրուած է` պարտութեան մատնելով իր հանրապետական մրցակից Պլէյք Մասթըրզը:
Նեւատայի եւ Արիզոնայի մէջ յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, դեմոկրատականները Ծերակոյտին մէջ ապահոված են 50 աթոռ եւ այժմ մեծամասնութիւն են:
Ճորճիա նահանգին մէջ 6 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը պիտի յստակացնէ, թէ դեմոկրատականները Ծերակոյտին մէջ քանի՛ աթոռով մեծամասնութիւն ունին: Եթէ հանրապետականները Ճորճիայի մէջ յաղթանակ արձանագրեն, ապա երկու կուսակցութիւնները Ծերակոյտին մէջ պիտի ունենան հաւասար աթոռներ, եւ այդ պարագային Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսի քուէն պիտի դառնայ վճռորոշ:
Դեմոկրատականներու յաղթանակին պարագային Ծերակոյտին մէջ անոնց աթոռներուն թիւը պիտի դառնայ 51, իսկ հանրապետականներունը` 49:
Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Այն ինչ որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ, պատմական է, եւ տակաւին կը սպասենք Ներկայացուցիչներու տան վերջնական արդիւնքին»:


