Իսրայէլ Իրանը հարուածելու կարելիութիւն ունի, սակայն երկրին ղեկավարութիւնը պէտք է ուշադիր քննարկէ այս որոշումը, եթէ անհրաժեշտ նկատէ նման քայլի դիմել: «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց:
«Իսրայէլը Իրանի մէջ գործելու կարողութիւն ունի: Մենք ունինք պատրաստակամութիւն, կարողութիւն եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ: Մենք պէտք է պատրաստուինք այդ կարելիութեան, սակայն նաեւ պէտք է ուշադիր մտածենք այս հարցի մասին` նախքան գործողութիւններու անցնիլը», ըսած է ան: