Ռուսիան պատրաստ է հանդէս գալու իբրեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդ եւ հարթակ տրամադրելու երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններուն համար: «Ռաշա Թուտէյ Արապիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով:
«Համոզուած եմ, որ նման հանդիպումներ կատարելու հարցին մէջ լուրջ եւ յստակ մօտեցում պէտք է, որպէսզի այդ հանդիպումը միայն պաշտօնական բնոյթ չկրէ, որպէսզի ատոր աւարտին արձանագրուին դրական արդիւնքներ, որոնք անհրաժեշտ են թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Թուրքիոյ եւ ամբողջ շրջանին: Ինչ կը վերաբերի մեզի, ապա մենք կ՛ողջունենք նման քայլ… Մենք միշտ պատրաստ ենք ընդառաջելու թէ՛ մեր սուրիացի ընկերներուն, թէ՛ ալ թուրք գործընկերներուն: Եւ եթէ անոնք նման անհրաժեշտութիւն կամ օգուտ կը տեսնեն մեր միջնորդութեան կամ նման հանդիպումներու կատարման համար ռուսական հարթակ տրամադրելու հարցին մէջ, ապա մենք միշտ պատրաստ ենք», ըսած է ան:
Անոր համաձայն, նման հանդիպումի կատարումը կախեալ է երկու երկիրներու ղեկավարութեան քաղաքական կամքէն:
5 օգոստոսին Սոչիի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանակցութիւններէն ետք թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Անգարայի մէջ կը քննարկուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ղեկավարներուն միջեւ ուղիղ կապեր հաստատելու կարելիութիւնը:
Թրքական իշխանութիւնները այս առնչութեամբ յայտարարած են, որ տակաւին նման բանակցութիւններ նախատեսուած չեն:


