Ազրպէյճան կ՛աւելցնէ ազգային անվտանգութեան պիւտճէական ծախսերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութեան հաղորդումով` ատիկա արտացոլուած է «Ազրպէյճանի 2023 թուականի պետական ամավարկի մասին» օրէնքի նախագիծին մէջ, որ երրորդ ընթերցումով կը քննարկուի տնտեսական քաղաքականութեան, արդիւնաբերութեան եւ ձեռներէցութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին մէջ:
Օրինագիծի նոր խմբագրման համաձայն, 2023 թուականին ազգային անվտանգութեան ապահովման համար կը յատկացուի 375 միլիոն 354, 411 մանաթ (աճը` 11 միլիոն 117,5 հազար մանաթ):
5 դեկտեմբերի դրութեամբ 1 ազրպէյճանական մանաթի փոխարժէքը 0,58827 տոլար է:


