Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը միասին հետեւած են Իրանի սահմանին մօտ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ ռազմափորձերուն:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ` Իրանի հետ սահմանի երկայնքին, սկսած են թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին տարբեր տեսակի զօրքերու անձնակազմերը, մարտական եւ յատուկ գումակային-սակրաւորական սարքեր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու զինեալ ուժերու օդուժի միջոցները, կ՛ընթանան Պաքուի, Ասթարայի, Ջրականի (Ճապրայիլ) ու Իմիշլիի շրջաններուն մէջ, որոնք աշխարհագրականօրէն կը գտնուին Իրանի հետ սահմանին մօտ:
«Ռազմափորձերու ընթացքին, հաշուի առնելով ժամանակակից մարտ վարելու եղանակները, կը գործադրուին տարբեր առաջադրանքներ` հրետանիի, օդուժի եւ զօրքերու այլ տեսակներու զինուորական գործողութիւններու մէջ օգտագործման, համախմբուածութեան կազմակերպման, գետերու վրայէն ծփացող կամուրջներէ անցումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ պայմանական հակառակորդի թիկունքին անկարգելներով իջնելու համար», յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ միացեալ վարժանքներու ընթացքին հիմնական ուշադրութիւն կը դարձուի զօրքերու համագործակցութեան ժամանակ մարտական ներդաշնակութեան ապահովման, կառավարման կատարելագործման, փորձառութեան փոխանակման եւ անձնակազմի արհեստավարժութեան բարձրացման:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դիմած է Իրանի սահմանին մօտ «Եղբայրական բռունցք» թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ռազմափորձերու մասնակիցներուն: Ան իր ուղերձին մէջ ըսած է, որ բարդ եղանակային պայմաններու մէջ կատարուող ռազմափորձերը պիտի ուժեղացնեն ազրպէյճանական եւ թրքական զինեալ ուժերը:
«Ես կը հաւատամ, որ դուք ուժ տուիք ընկերներուն եւ վախցուցիք թշնամիները», ըսած է Էրտողան` աւելցնելով, որ ռազմափորձերը ցոյց տուած են, որ Պաքուն եւ Անգարան ոչ ոք կրնայ բաժնել:
Ռազմափորձերուն հետեւող Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ըսած է, որ իրենց բարեկամներու ընկերներն ու թշնամիները համապատասխանաբար իրենց ընկերներն ու թշնամիներն են:
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ եւ որմէ՛ են սադրանքները, զանոնք կ՛ընկալեն իբրեւ երկու երկիրներուն դէմ ուղղուած: Թող ոչ ոք այդ հարցին մէջ կասկածի», ըսած է Աքար` ընդգծելով, որ իրենք պիտի ըլլան «մէկ բանակ, մէկ ուժ եւ մէկ բռունցք»:
Աքարի համաձայն, նման խոցելի պահուն իրենց երկիրներու եւ ազգի անվտանգութեան ապահովումը կարելի է միայն աշխուժ եւ յուսալի բանակով:
«Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն եւ բարեկամ ու եղբայրական ազրպէյճանական բանակին կողմէ միատեղ տեղի ունեցող այս ռազմափորձերը մենք կը նկատենք պարզ եւ չափազանց օգտակար», շարունակած է Աքար:
Թուրք նախարարը ընդգծած է, որ ռազմափորձերը ցոյց տուած են երկու երկիրներու զինեալ ուժերու ուժն ու վճռականութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իրաւունքները եւ շահերը պաշտպանելու գործին մէջ:


