Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Եթէ ահաբեկչութիւնը հիւսիսային Սուրիայէն կը բխի, ապա ահաբեկիչները միայն մեր սահմաններէն պիտի չհեռացնենք, այլ ամբողջութեամբ վերջ պիտի տանք անոնց աղբիւրներուն»:
«Ահաբեկիչները ձախողեցան իրենց բարեկամներուն օգնութեամբ Թուրքիան ծունկի բերել, եւ այժմ սկսան տնտեսական խաղերու ճամբով յարձակում գործել մեր երկրին վրայ», ըսաւ Էրտողան:
«Թուրքիան նախապէս չէր կրնար ոչ իսկ փամփուշտ արտադրել, իսկ հիմա պաշտպանական սարքեր, անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռներ եւ այլ զէնքեր կ՛արտադրէ իր բանակին համար, եւ զանոնք նաեւ կը ծախէ այլ բանակներու: Երբ պէտք եղաւ զանոնք Ազրպէյճանն ու Լիպիան օգտագործեցին, եւ զանոնք կ՛օգտագործենք ահաբեկիչներուն ու անոնց օգնականներուն դէմ, ուր որ ալ ըլլան անոնք», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:


