Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը աւարտած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Սարայեւոյի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան, եւ փափաքողներն ալ հրաւիրած է Իրան` անձամբ համոզուելու համար:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ Իրանի մէջ համատարած գործադուլները ընթացքի մէջ են: Եռօրեայ գործադուլ կատարելու ցուցարարներու կոչերէն ետք, տասնեակ քաղաքներու եւ բնակավայրերու մէջ խանութները, աւանդական շուկաները չեն բացուած:
Իրանցի երեսփոխան Հիւսէյն Ժալալի 6 դեկտեմբերին վստահեցուցած է, որ լաչակը երբեք պիտի չվերցուի` յայտարարելով, որ լաչակ կրելը պարտադրելու համար կը փնտռուին այլ տարբերակներ, որոնցմէ մէկը ելեւմտական պատիժն է:


