Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զելենսքի Ներկայացուցած Է 10 Կէտերէ Բաղկացած Խաղաղութեան Ծրագիր. Թուրքիան Կը Զօրակցի Այդ Ծրագիրին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

January 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ըսած է, որ Անգարան կ՛աջակցի Քիեւի` Ուքրանիոյ կացութեան կարգաւորման 10 կէտերէ բաղկացած ծրագիրին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ըստ Չաւուշօղլուին, թրքական կողմը կ՛աշխատի փաստաթուղթին վրայ:

«Մենք կը կարծենք, որ այս պատերազմը պիտի աւարտի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ատոր որքան կարելի է շուտ հասնինք: Անցեալ տարուան մարտին Պոլսոյ մէջ որոշակի զարգացումներ եղան, բայց ի յայտ եկան նոր շրջագիծեր ու իրողութիւններ: Ռուսիան հիմա իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ բանակցութիւններու համար, Զելենսքի ներկայացուցած է 10 կէտէ բաղկացած ծրագիր: Մենք` Թուրքիան, կ՛աջակցինք այս ծրագիրին եւ ատոր վրայ կ՛աշխատինք», ըսած է Չաւուշօղլու` Հարաւային Ափրիկէի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա նախապէս յայտարարած էր, որ ուքրանական իշխանութիւնները կ՛ուզեն մինչեւ փետրուարի վերջ «խաղաղութեան վեհաժողով» գումարել ՄԱԿ-ի տարածքին մէջ` կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հաւանական միջնորդութեամբ:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը նախապէս` յղում կատարելով եւրոպական եւ ուքրանական դիւանագիտական շրջանակներու աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի շրջապատը վերջնական տեսքի կը բերէ տասը կէտէ բաղացած «խաղաղութեան ծրագիր»-ը եւ մտադիր է փետրուարին ներկայացնելու իր գաղափարները:

Զելենսքի նախապէս ըսած էր, որ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին առցանց ելոյթի ժամանակ արծարծած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման ուղղուած քայլերու իր տեսլականը, որ բաղկացած է 10 կէտերէ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատած էր Ուքրանիոյ վերաբերեալ երկխօսութեան նկատմամբ Ռուսիոյ բաց ըլլալը, պայմանով որ Քիեւը կատարէ յայտնի պահանջները եւ հաշուի առնէ տարածքային նոր իրողութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Շեպիպեթ Նահտա Շուէյֆաթ-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 5-10

Յաջորդը

«Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ Թիւրըմբռնումը Լուծուած Է» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.