Շուրջ 65 հազար մարդ այցելած է Ս. Պետրոսի տաճար` հրաժեշտ տալու Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. պատուաւոր պապին, որ վախճանած էր 31 դեկտեմբեր 2022-ին: Հրաժեշտի արարողութեան առաջին օրուան տուեալները յայտնած է Վատիկանի կիսազինուորական ոստիկանութիւնը:
Վատիկանի իշխանութիւնները սկիզբէն կ՛ակնկալէին շուրջ 30-40 հազար այցելու:
Վախճանեալ նախկին պապին մարմինը կաթողիկէ աշխարհի գլխաւոր տաճարին մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ հինգշաբթի օր, երբ նախատեսուած է անոր յուղարկաւորութիւնը:
Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է, որ Պենետիկտոս ԺԶ.-ն պիտի յուղարկաւորուի իր նախորդին` Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի (1920-2005) սկզբնական գերեզմանին մէջ` տաճարի խորանին տակ գտնուող դամբարանին մէջ:
Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի սուրբի աստիճան բարձրացումէն ետք անոր աճիւնը տեղափոխուած է տաճարի վերին հատուած:


