Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուէտը Չի Կրնար Կատարել Անգարայի Բոլոր Պայմանները» Կ՛ըսէ Շուէտի Վարչապետը

January 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտը վստահ է, որ Թուրքիան պիտի հաստատէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու իր դիմումը, սակայն չի կրնար կատարել այն բոլոր պայմանները, որոնք յառաջ քշած է Անգարան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսըն:

«Թուրքիան կը հաստատէ, որ մենք կատարած ենք այն, ինչ խոստացած ենք ընել, սակայն անոնք նաեւ կ՛ըսեն, որ կ՛ուզեն այն, ինչ որ մենք չենք կրնար կամ չենք ուզեր տալ», ըսած է Քրիսթերսըն:

Ֆինլանտան եւ Շուէտը 2022 թուականին Թուրքիոյ հետ ստորագրած են եռակողմ համաձայնագիր, որուն նպատակն է յաղթահարել Անգարայի առարկութիւնները` ՕԹԱՆ-ի դաշինքին իրենց անդամակցութեան վերաբերեալ:

Մայիս 2022-ին անոնք դիմած են ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու համար, սակայն Թուրքիան դէմ արտայայտուած է եւ սկանտինաւեան երկու երկիրները մեղադրած «ահաբեկիչներուն» ապաստան տրամադրելու յանցանքով: Խնդիրը արտայանձնումն է այն մարդոց, որոնց Թուրքիան ահաբեկիչներ կը նկատէ: Անգարան հիասթափութիւն յայտնած է անցեալ տարուան վերջաւորութեան շուէտական դատարանի որոշումին առնչութեամբ` դադրեցնելու արտայանձնումը լրագրողի մը, որ կը կասկածուի կապեր ունենալու մէջ իսլամական հասարակական գործիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ, որ Թուրքիոյ կողմէ կը մեղադրուի յեղաշրջման փորձ կատարելու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

«Իրան-Ռուսիա Յարաբերութիւնները Ռազմավարական Են» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Դէմ Է Ռուսիան Կազմակերպութենէն Դուրս Ձգելուն

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.