Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էրտողան-Ասատ Հանդիպումի Թուականը Կախեալ Է Երկու Կողմերուն Միջեւ Բանակցութիւններու Ընթացքէն» Կ՛ըսէ Քալըն

January 5, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ հանդիպումի թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

Քալըն թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Տակաւին կանուխ է յստակ թուականի մասին խօսելու, եւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու ընթացքի լոյսին տակ»:

«Թուրքիան իր ձեռքը երկարեց սուրիական վարչակարգին, եւ կը յուսանք, որ անոնք այս ձեռքը չեն ձգեր իրենցմէ փախչի», աւելցուց ան:

«Մոսկուայի մէջ գումարուած առաջին ժողովը այդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլ էր», ըսաւ ան` ակնարկելով անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Ռուսիա-Թուրքիա-Սուրիա հանդիպումին` աւելցնելով. «Այլ ժողովներ տեղի պիտի ունենան` տարբեր մակարդակներով»:

«Սուրիական ընդդիմութեան հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին, եւ զանոնք լքելը բացառուած է», յայտնեց Քալըն` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնը «այսուհետեւ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ, որովհետեւ սուրիական վարչակարգին հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր նիւթերը այդ անձերու կեանքի երաշխիք են, եւ անոնք մաս կը կազմեն քաղաքական հոլովոյթին»:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը նաեւ բացայայտեց. «Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Անգարա»: Այդ այցելութիւնը 4 տարիէ ի վեր իրանցի նախագահի մը Թուրքիա առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

«Իրանի նախագահը մտադիր էր անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելել, սակայն անոր առօրեայ ծրագիրները այդ այցելութիւնը չարտօնեցին», ըսաւ Քալըն` աւելցնելով. «Ան կրնայ յառաջիկայ շաբաթներուն այցելել Անգարա»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց. «Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ եռակողմ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ Անգարա հոլովոյթին տրամաբանական շարունակութիւնը կ՛ակնկալէ»:

«Մոսկուայի մէջ մեր դիրքորոշումը մեր երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելն է, եւ մեր զրուցակիցներուն մեր վճռականութիւնը յայտնեցինք, եւ մեզի համար բացառուած է որեւէ բան ընել մեր սուրիացի եղբայրներուն դէմ, ըլլան անոնք Թուրքիոյ կամ Սուրիոյ մէջ», նշեց Աքար:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միացեալ հսկողութիւնը կրնայ զարգացուիլ», յայտնեց ան:

Ուաշինկթըն. «Սուրիական Վարչակարգին Հետ
Յարաբերութիւնները Չբնականոնացնել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղեց` «բարբարոս բռնատէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները չբնականոնացնել»:

Ան այս մասին յայտարարեց` մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարներու եւ հետախուզութիւններու ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը:

«Երկիրներուն կը յորդորենք ուշադրութեամբ սերտել անցնող 12 տարիներու ընթացքին Ասատի վարչակարգին մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու ցուցակը, այն պահուն, երբ կը շարունակէ սուրիացի ժողովուրդին դէմ ահաւոր արարքներ գործել եւ կ՛արգիլէ իր ուժերուն վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջաններ կեանքեր փրկող մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը», ըսաւ Փրայս:

Նախորդը

Սաֆրոնքով. «Ռուսիան Միջին Արեւելքէն Դուրս Մղելու Որեւէ Փորձ Դատապարտուած Է Ձախողութեան»

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.