Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Ազգային Անվտանգութեան Նախարարը Աքսայի Շրջափակ Մուտք Գործեց

January 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի Ազգային Անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր ոստիկանութեան խիստ պաշտպանութեան տակ մուտք գործեց Աքսա մզկիթի շրջափակ:

Ան մէկ օր առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսած էր եւ յայտնած, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն Աքսայի մզկիթ պիտի բարձրանայ: Պաղեստինեան լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ ան այսպիսով անտեսած է պաղեստինեան խմբաւորումներուն, նախ եւ առաջ Համասի հնչեցուցած սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ արաբական պետութիւններուն պահանջները, որ Աքսայի մզկիթ չայցելէ, որովհետեւ ատիկա մագլցումի պիտի յանգեցնէ:

Քնեսեթի անդամ Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Պեն Ղաֆիր համախոհական կառավարութեան բոլոր անդամներուն նման կ՛անտեսէ Նեթանիահուն, եւ Համաս շարժումը գիտէ, թէ վերջինս վախկոտ մըն է»: Դիւանագիտական հարցերու իսրայէլացի վերլուծաբան Պարաք Ռաֆիտ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Այն կարծիքը, թէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կրնայ պըն Ղաֆիրի քայլերը վերահսկողութեան տակ պահել, պարզամտութիւն է»: Ան յոյս յայտնեց, որ այս դէպքը առանց հետեւանքի անցնի, սակայն յայտնեց այն կարծիքը, որ պեն Ղաֆիրի նման անձ մը եւ սպառնալիքներով լեցուն մթնոլորտը կը նուազեցնեն ատոր հաւանականութիւնը:

«Հրէական ուժ» կուսակցութենէն Քնեսեթի անդամ Ալմուղ Քոհեն յայտնեց, որ այցելութիւնը տեղի ունեցած է Նեթանիահուի համամտութեամբ: Աշխատաւորական կուսակցութենէն Քնեսեթի անդամ Կիլատ Քարիֆ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Պեն Ղաֆիրի առաջնահերթութիւնը Իսրայէլի բնակեցուածներու անձնական անվտանգութիւնն ու ոստիկանութեան դերակատարութիւնը չէ, այլ ծայրայեղական ու ազգայնական գաղափարախօսութեան յառաջ մղումը: Նոյն կուսակցութենէն Քնեսեթի անդամ Նեհմա Լազիմի իր կարգին նշեց, որ Պեն Ղաֆիրի արարքը «սադրանք է, որ բռնարարքի ու արիւնահեղութեան պիտի յանգեցնէ»:

«Լիքուտ» կուսակցութիւնը հաղորդեց, որ Նեթանիահու «ապահովական պատասխանատուներու հետ խորհրդակցելէ ետք Պեն Ղաֆիրէն չպահանջեց Աքսայի մզկիթ չայցելել»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը յայտարարեց, որ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերու դէմ սադրանքներու շարունակութիւնը յաւելեալ լարուածութեան, բռնարարքներու եւ կացութեան վերահսկողութենէն դուրս գալուն պիտի յանգեցնէ: Իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ այցելութիւնը նկատեց «աննախադէպ սադրանք», որ կ՛օրինականացնէ հրեայ բնակեցուածներու կողմէ Աքսայի շրջափակ ներխուժումները եւ անոնց ոճիրներուն քաջալերանք մըն է:

Համաս շարժումը Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարարի քայլը նկատեց «ոճիր»` նշելով. «Աքսայի մզկիթը էր եւ պիտի շարունակէ պաղեստինեան, արաբական, իսլամական մնալ, եւ որեւէ ուժ կամ ոեւէ ֆաշական անձ չի կրնար այդ իրողութիւնը փոխել»: Համաս շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր սրբատեղիներն ու Աքսայի մզկիթը պաշտպանել, եւ զանոնք բռնագրաւումէն մաքրազերծելու համար կռուիլ:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը նշեց. «Ոճրագործ Իթամար պեն Ղաֆիրը կրակին վրայ ձէթ կը թափէ եւ Աքսայի մզկիթ ներխուժելով մարտահրաւէր կը կարդայ մեր ժողովուրդի կամքին»:

Իսլամական Ժիհատ շարժումը յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը ամբողջովին պատրաստ վիճակի մէջ է ու արթուն, եւ իրադարձութեան շարունակական գնահատական կը կատարէ եւ մատը իրողապէս բլթակի վրայ է»:

Կազայի մէջ դիմադրութեան խմբաւորումները յայտարարեցին, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարարի Աքսայի շրջափակ «ներխուժելը» «շրջանին մէջ կրօնական պատերազմի վտանգ կը յառաջացնէ»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պեն Ղաֆիրի Աքսայի շրջափակ «ներխուժումը»` զայն նկատելով «սադրիչ քայլ», որ «յաւելեալ մագլցումի ազդանշան կու տայ»:

 

Նախորդը

Ռուսական Բանակը Մաքէեւքայի Մէջ Ծանր Հարուած Ստացաւ

Յաջորդը

Ռուտենքօ. «Ճափոնի Վերառազմականացումը Մեր Եւ Ասիոյ Անվտանգութեան Վտանգաւոր Մարտահրաւէր Է»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.