Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պէտք է «զգուշանալ» յունուարին Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակումը «քաղաքականացնելէ»: Ան այդպիսով արձագանգեց Միւնիխի մէջ Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան:
«Աւելի լաւ է որեւէ կողմնակալութենէ, հարցի քաղաքականացումէ եւ քարոզչութենէ խուսափիլ», ըսաւ ան` նշելով, որ դէպքին ոչ իրաւաբանական բացատրութիւններու հրապարակային ներկայացումը «հարցի իրաւաբանական ու արդարադատական հետապնդման հոլովոյթին մէջ շինիչ քայլ չէ»:
«Իրանի մէջ առնչակից պաշտօնատարներու կողմէ բազմիցս հաստատուեցաւ, որ հարցը իրաւաբանական փուլերէն կ՛անցնի, եւ այն ինչ որ յայտարարուեցաւ հիմնուած է յարձակումի հեղինակին յստակ յայտարարութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ այդ ցաւալի միջադէպին բոլոր կողմերը մանրամասն ու արհեստավարժ կերպով կը հետաքննուին», յայտնեց Քենաանի:
Ալիեւ լրագրողներուն յայտնած էր. «Իրանեան կառավարութեան առնչուած կառոյցներ մեղսակից են Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին»: