Միջազգային

Յունաստանի Մէջ 2 Գնացքի Բախումին Պատճառով Արձանագրուեցան  Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յունաստանի Մէջ 2 Գնացքի Բախումին Պատճառով Արձանագրուեցան Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յունական Լարիսա քաղաքին մօտ տեղի ունեցաւ երկու` բեռնատար եւ մարդատար գնացքներու ճակատ-ճակատի բախում: Արձանագրուեցաւ 32 զոհ եւ 85 վիրաւոր: Փրկարարները դէպքի վայրէն հեռացուցին 270 ուղեւորներ, որոնք բժշկական օգնութեան կարիք չունէին: Զանոնք փոխադրակառքերով ուղարկեցին Թեսաղոնիկէ: Ականատեսները յայտնած են, որ բախումը այնքան ուժգին եղած է, որ քանի մը վակոններ անմիջապէս հրդեհուած են, եւ ամէն ինչ ծուխով պատուած է: Նշենք, որ Յունաստանի մէջ...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Ռուսիան Դադրեցուցած Է Ռազմավարական Յարձակողական Սպառազինութիւններու Մասին Պայմանագիրին Մասնակցութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու (ՌՀՍ-3) պայմանագիրին Ռուսիոյ մասնակցութեան դադրեցման մասին օրէնք մը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ռուսիան կը կասեցնէ իր եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու պայմանագիրի գործողութիւնը, որ ստորագրուած է 8 ապրիլ 2010-ին Փրակայի մէջ», նշուած է բացատրական գրութեան մէջ: Ռուսիոյ սոյն պայմանագիրին մասնակցութեան վերականգնման մասին որոշումը պիտի տայ...

«Թեհրանն Ու Մոսկուան Յարաբերութիւններու  Զարգացման Ոսկիէ Փուլի Մէջ Են»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

«Թեհրանն Ու Մոսկուան Յարաբերութիւններու Զարգացման Ոսկիէ Փուլի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Մոսկուայի մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի յայտնած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան կը ծրագրէ մարտին այցելել Ռուսիա: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: «Մոսկուա այս այցելութիւնը պիտի կայանայ այս մարտին», ըսած է ան: Բացի ատկէ, Ժալալի նշած է, որ այսօր Թեհրանն ու Մոսկուան «յարաբերութիւններու զարգացման ոսկիէ փուլի մէջ են»: Անոր համաձայն, Ռուսիան ու Իրանը բոլոր...

Սթոլթենպերկ. «Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Աւարտը  Պիտի Չկարգաւորէ ՕԹԱՆ-Ռուսիա  Յարաբերութիւնները. Ետդարձի Ճամբայ Չկայ»

Սթոլթենպերկ. «Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Աւարտը Պիտի Չկարգաւորէ ՕԹԱՆ-Ռուսիա Յարաբերութիւնները. Ետդարձի Ճամբայ Չկայ»

ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ետդարձի ճամբայ չկայ: Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: Անոր համաձայն, նոյնիսկ ուքրանական տագնապի աւարտը պիտի չյանգեցնէ յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Մենք պէտք է գիտակցինք, որ այս պատերազմի աւարտը պիտի չյանգեցնէ Ռուսիոյ հետ բնական յարաբերութիւններու», ընդգծած է ան: Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ տագնապին մէջ Ուքրանիոյ աջակցիլը...

Չինաստան Հերքած Է Միացեալ Նահանգներու  Ուժանիւթի Նախարարութեան` «Քորոնա»-ի  Տարրալուծարանային Ծագման Մասին Վարկածը

Չինաստան Հերքած Է Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարութեան` «Քորոնա»-ի Տարրալուծարանային Ծագման Մասին Վարկածը

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ներկայացուած` «Քորոնա» ժահրի տարրալուծարանային ծագման մասին վարկածը: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին քննադատելով ամերիկեան նախարարութեան եզրակացութիւնները կոչ ուղղած է դադրեցնելու Փեքինը վարկաբեկելը եւ «Քորոնա»-ի ծագման հարցը քաղաքականացնելը: Տուեալ հարցին վերաբերեալ կարծիք յայտնելով` Մաօ Նին յիշեցուցած է, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գիտական խումբը եւ Չինաստանը...

Միացեալ Նահանգներ Կոչ Ուղղած Են  Երկրաշարժէն Վնասուած Սուրիոյ Օգնելու` Առանց  Յարաբերութիւններու Բնականոնացման

Միացեալ Նահանգներ Կոչ Ուղղած Են Երկրաշարժէն Վնասուած Սուրիոյ Օգնելու` Առանց Յարաբերութիւններու Բնականոնացման

Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն երկրաշարժներու հետեւանքները վերացնելու նպատակով Սուրիոյ ցուցաբերուող օգնութիւնը չկապելու երկրի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Ասատի վարչակարգին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Հիմա կարգաւորման ժամանակը չէ: Հիմա ժամանակը չէ` Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու: Կը կարծենք, որ մենք եւ աշխարհի բոլոր երկիրները կրնան նոյն...

«Փութին Պատրաստ Է Մաքրոնի Եւ Շոլցի Հետ  Բանակցութիւններու Համար, Սակայն  Անոնց Կողմէ Նախաձեռնութիւն Չկայ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Փութին Պատրաստ Է Մաքրոնի Եւ Շոլցի Հետ Բանակցութիւններու Համար, Սակայն Անոնց Կողմէ Նախաձեռնութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է որեւէ հաղորդակցութեան, որ Ռուսիոյ պիտի օգնէ հասնելու իր նպատակներուն, գերադասելի է` խաղաղ ճամբով: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ըստ Փեսքովի, վերջին շրջանին Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն կողմէ հաղորդակցութիւններու նախաձեռնութիւններ չեն եղած: «Մենք բազմաթիւ յայտարարութիւններ լսեցինք Շոլցի եւ Մաքրոնի կողմէ, որոնք ըսին, թէ պիտի շարունակեն հաղորդակցիլ Փութինի հետ`...

Ասատ Դամասկոսի Մէջ Ընդունեց  Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ասատ Դամասկոսի Մէջ Ընդունեց Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Ասատ Շուքրիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Եգիպտոսին եւ եգիպտացի ժողովուրդին եգիպտական հողերուն վրայ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալելնուն եւ անոնց հետ եղբօր նման վարուելնուն համար: Շուքրի...

«Սննդեղէն Եւ Գիւղատնտեսական Արտադրութիւններ  Պիտի Մատակարարենք Միայն Մեր Ընկերներուն.  Թշնամիներուն Ոչինչ Պիտի Վաճառենք»  Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Մետվետեւ. «Կարիք Չունինք Աշխարհի Մը, Ուր Ռուսիան Գոյութիւն Չունի, Եւ Այն Ինչ Որ Նախապէս Խորհրդային Միութեան Հետ Պատահեցաւ, Կարելի Չէ Կրկնել»

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Արեւմուտքը պատրանքի մէջ է Խորհրդային Միութեան կատարածին նման առանց մէկ փամփուշտի մեզի վերջ տալու նկատմամբ, եւ կարիքը չունինք աշխարհի մը, ուր Ռուսիան գոյութիւն չունի, եւ այն ինչ որ նախապէս (Խորհրդային) Միութեան հետ պատահեցաւ, կարելի չէ մեզի հետ կրկնել»: «Եթէ ինքնին Ռուսիոյ գոյութեան հարցը լրջօրէն արծարծուի, ապա ատիկա բացարձակապէս ուքրանական ճակատին վրայ պիտի չվճռուի»,...

«Եթէ Չինաստան Ռուսիոյ Զինուորական  Օգնութիւն Տրամադրէ, Ատոր Համար  Պիտի Ստիպուի Իրական Գին Վճարելու»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Եթէ Չինաստան Ռուսիոյ Զինուորական Օգնութիւն Տրամադրէ, Ատոր Համար Պիտի Ստիպուի Իրական Գին Վճարելու» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Եթէ Չինաստան Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ աջակցի Ռուսիոյ, ստիպուած պիտի ըլլայ «իրական գին» վճարելու: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն: Ան նշած է, որ Չինաստան տակաւին քայլերու չէ ձեռնարկած Ռուսիոյ` Ուքրանիա ներխուժելու հարցին մէջ զէնք տրամադրելու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներ փակ դռներու ետին հասկցուցած են, որ նման քայլ լուրջ...

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին  Գործոց Նախարարը  30 Տարուան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Քիեւ

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը 30 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Քիեւ

Սէուտական Արաբիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք (30 տարի առաջ) Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Քիեւ: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակը հրապարակած է տեսանիւթ Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանին հետ նախագահի կիրակի օր տեղի ունեցած հանդիպումին մասին: Զելենսքի ըսած է, որ կ՛ակնկալէ, որ հանդիպումը «նոր ազդակ հաղորդէ մեր փոխշահաւէտ երկխօսութեան հետագայ աշխուժացման»: Սէուտական Արաբիան...

Արաբական Խորհրդարանական  Համադաշնակցութեան  Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Դամասկոս

Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դամասկոս

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Հալպուսիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Պաղեստինի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Օմանի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու նախագահներն ու Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարը: Իրաքի խորհրդարանը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Սուրիա 6...

Փութինը` Էրտողանին.  «Վստահ Եմ` Պիտի Շարունակենք Շրջանային  Օրակարգի Կարեւոր Խնդիրներու Լուծման  Ուղղութեամբ Ջանքերը Համակարգել»

Փութինը` Էրտողանին. «Վստահ Եմ` Պիտի Շարունակենք Շրջանային Օրակարգի Կարեւոր Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ Ջանքերը Համակարգել»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տարեդարձին առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Ան շնորհաւորական հեռագիր յղած է Էրտողանին: «Վստահ եմ, որ մենք պիտի շարունակենք համակարգուած իրականացնել փոխշահաւէտ միացեալ ծրագիրներ եւ պիտի շարունակենք համակարգել ջանքերը շրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի կարեւոր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», նշուած է հեռագիրին մէջ:

«Գերմանիան 100 Միլիառ Եւրօ Կորսնցուցած Է  Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Պատճառով»  Կը Գրէ «Ռայնիշը Փոսթ»-ը

«Գերմանիան 100 Միլիառ Եւրօ Կորսնցուցած Է Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմի Պատճառով» Կը Գրէ «Ռայնիշը Փոսթ»-ը

Գերմանական Տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Մարսել Ֆրացշեր յայտարարած է, որ Գերմանիան անցեալ տարի 100 միլիառ եւրօ կորսնցուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումի հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռայնիշը Փոսթ»-ը: Ֆրացշեր կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ տագնապն ու ատոր առնչուած ելեկտրականութեան ծախսերու աճը անցեալ տարի Գերմանիոյ արժած են տնտեսութեան արտադրողականութեան գրեթէ 2,5 առ հարիւրը, ինչ որ հաւասար է 100 միլիառ եւրոյի: «Այդ...

Մոլտովան Դուրս Կու Գայ ԱՊՀ-էն

Մոլտովան Դուրս Կու Գայ ԱՊՀ-էն

Մոլտովայի կառավարութիւնը սկսած է ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ ստորագրուած համաձայնագիրները չեղեալ նկատելու հոլովոյթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ժուրնալ Թի.Վի.»-ին յայտնած է Մոլտովայի արտաքին գործոց եւ եւրոպական համարկման նախարար Նիքոլայէ Փոփեսքու: «Մոլտովան յայտարարած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մասին, արտաքին քաղաքական բոլոր նպատակները եւ մասնակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ պիտի ստորադասուին եւրոպական համարկման նպատակին: Ակնյայտօրէն, դուրս գալը ԱՊՀ-ի համաձայնագիրներէն, որոնք...

«Կը Շարունակենք Թուրքիան Համոզել  Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային  Գործողութեան Չսկսելու»  Կ՛ըսէ Պոկտանով

Պոկտանով. «Աշխատանք Կը Տարուի Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մասնակցութեամբ Ժողով Կազմակերպելու»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ ժողով մը կազմակերպելու: «Իրան փափաք յայտնեց այդ բանակցութիւններուն միանալու` յարգելով մէկ կողմէ Թեհրանը Դամասկոսին, միւս կողմէ Անգարային կապող յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի շրջանային դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը Ասթանայի բանակցութիւններուն, որոնք կը մնան Սուրիոյ մէջ լուծումին միջազգային օժանդակութեան...

5 Ռիխթըր Աստիճանով Երկրաշարժ Մը  Հարուածեց Ալեքսանտրէթը

5 Ռիխթըր Աստիճանով Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Ալեքսանտրէթը

Թուրքիոյ Արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ի մօտ Ալեքսանտրէթի շրջանը հարուածած է 5 ռիխթըր աստիճանով երկրաշարժ մը: Իր կարգին, Սուրիոյ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկրաշարժին տեղի ունենալուն ժամանակ զայն զգացած են Հալէպի, Հոմսի եւ Թարթուսի մէջ:  

Լաւրով 27 Փետրուարին  Պիտի Այցելէ Պաքու

Լաւրով 27 Փետրուարին Պիտի Այցելէ Պաքու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 27-28 փետրուարին պիտի այցելէ Պաքու, ուր պիտի հանդիպի Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ 22 փետրուար 2022-ին Մոսկուայի մէջ կնքած են երկու երկիրներու միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր: Զախարովա օրեր առաջ ըսած է, որ այդ փաստաթուղթը մեծ...

Տուտա Վարշաւայի Մէջ  Դիմաւորած Է Պայտընը

Տուտա Վարշաւայի Մէջ Դիմաւորած Է Պայտընը

Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա մայրաքաղաքին մէջ դիմաւորած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը, որ նախօրէին Ուքրանիայէն հասած է Վարշաւա: Երկու ղեկավարները կը քննարկեն Ուքրանիոյ միացեալ ջանքերով օգնելու հարցը: Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնած է Լեհաստանին ռուս-ուքրանական պատերազմին մէջ Կիեւին անվերապահօրէն սատարելու համար: Տուտայի աշխատակազմէն յայտնած են, որ նախագահները կը քննարկեն նաեւ Լեհաստանի անվտանգութեան եւ շրջանին մէջ անդրատլանտեան ռազմական դաշինքի դիրքերու ամրապնդման...

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Յաւելեալ  100 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնեն Թուրքիոյ  Եւ Սուրիոյ Երկրաշարժի  Հետեւանքները Վերացնելու Համար»

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Յաւելեալ 100 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնեն Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Երկրաշարժի Հետեւանքները Վերացնելու Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է յաւելեալ 100 միլիոն տոլար յատկացնելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներէն ետք մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը`` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան: «Այսօր Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարեն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին վերաբերեալ...

Page 220 of 882 1 … 219 220 221 … 882

Արխիւներ