Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ, Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան միամեակին նախօրեակին, չյայտարարուած այցելութեամբ հասաւ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ: Ուքրանական լրատուամիջոցները հրապարակեցին անոր եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի` Քիեւի Միխայլովեան տաճարին մօտ առնուած լուսանկարները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով լուսանկարը, ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Անոնցմէ ո՞ր մէկը ուղղափառ է»:
Կը նախատեսուէր, որ Պայտըն երէկ երկօրեայ այցելութիւն մը տայ դրացի Լեհաստան: Նախապէս Սպիտակ տունը բազմիցս բացառած է անոր Քիեւ այցելութիւնը:
Այս այցելութիւնը Պայտընի համար Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վրայ առաջինն է: Ան փոխնախագահ եղած ատեն վեց անգամ այցելած է Ուքրանիա, վերջինը` յունուար 2017-ին:
Ուքրանիոյ նախագահը հաստատելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին Քիեւ այցելութիւնը «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Ճոզեֆ Պայտըն, կ՛ողջունեմ Քիեւի մէջ: Ձեր այցելութիւնը բոլոր ուքրանացիներուն համար աջակցութեան չափազանց կարեւոր դրսեւորում է»:
Պայտըն իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Ուքրանիան զինուորական նոր աջակցութիւն պիտի ստանայ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւններու փաթեթով, այդ մասին երեքշաբթի օր (այսօր, «Ա.») պիտի յայտարարուի»:
«Ուքրանիոյ զինուորական նոր օժանդակութիւնը պիտի ներառէ ՀԱՅՄԱՐՍ զինամթերք», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին կարծիքով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «երբ Ուքրանիա ներխուժեց կը կարծէր, որ վերջինս տկար է, իսկ Արեւմուտքը պառակտուած, եւ կրնայ մեր դիմաց տոկալ, սակայն սխալ էր»:
«Պիտի յայտարարեմ Ուքրանիոյ կարեւոր սարքերու յանձնումը, որ կը ներառէ հրետանիի զինամթերք, հակազրահապատ համակարգեր ու հսկողութեան ռատարներ, եւ նոր պատժամիջոցներ պիտի յայտարարեմ (ռուսական) վերնախաւին ու ընկերութիւններուն դէմ, որոնք կը փորձեն փախուստ տալ պատժամիջոցներէն եւ ռուսական պատերազմական մեքենային կ՛աջակցին», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Զելենսքի Պայտընի հետ հանդիպումէն ետք ողջունեց վերջինիս Քիեւ այցելութիւնը` զայն նկատելով «բոլոր ուքրանացիներուն աջակցութեան շատ կարեւոր ցուցանիշ»:
«Բազմաթիւ կէտեր քննարկեցինք, եւ այդ քննարկումները մեզ յաղթանակին կը մօտեցնեն, եւ կը մաղթեմ, որ 2023-ը յաղթանակի տարին ըլլայ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուքրանիան համաշխարհային համակարգի ճակատագիրի մարմնացումն է: Ուաշինկթընէն Ուքրանիոյ նոր աջակցութեան քանակ կայ, եւ ասիկա Ռուսիոյ դէմ կարեւոր պատգամ է»:
«Կը ջանանք պաշտպանել արդարութիւնը, որուն Ռուսիոյ պատերազմը վնաս հասցուց, եւ Մոսկուան պէտք է կրէ իր կատարածին պատասխանատուութիւնը», շեշտեց Զելենսքի` նշելով.«Պիտի չմոռնանք Միացեալ Նահանգներու նախագահի կեցուածքը եւ աջակցութիւնը, որ պատերազմի ընթացքին մեզի տրամադրեց, ինչպէս նաեւ այս այցելութիւնը»:
Մինչ այդ, ԱՖՓ հաղորդեց, որ Պայտընի Քիեւ այցելութեան ընթացքին հակաօդային պաշտպանութեան ահազանգները հնչած են:


