Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում Մը 5 Զոհ Եւ 15 Վիրաւոր Կը Պատճառէ

Փետրուար 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի եւ ատոր շրջակայքին վրայ օդային հարուածի պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ եւ 15 վիրաւոր: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` հրթիռային յարձակումին համար մեղադրելով Իսրայէլը: Այս մասին հաղորդեց «Քոմերսանթ»-ը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, որ բոլոր զոհերն ու վիրաւորներն ալ քաղաքայիններ են:

«Թշնամի Իսրայէլը օդային յարձակում գործած է գրաւեալ Կոլանի բարձունքներէն` հարուածներ հասցնելով Դամասկոսի եւ անոր շրջակայքի շարք մը վայրերու, ներառեալ խաղաղ բնակիչներով բնակուած բնակելի թաղամասերուն», կը նշուի Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան դիմատետրեան էջին վրայ:

Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են հրթիռներուն մեծ մասը: Յարձակումին պատճառով աւերուած են տուներ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Դամասկոս կ՛ակնկալէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնն ու Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեն Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը եւ զայն զսպեն ու յարձակումին չկրկնուիլը երաշխաւորեն:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այս յարձակումը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Սուրիան երկրաշարժէն ետք իր վէրքերը կը դարմանէ, զոհերը կը թաղէ, ցաւակցութիւններ կ՛ընդունի եւ մարդասիրական ու միջազգային աջակցութիւն կը ստանայ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումը թիրախ դարձուցած է Դամասկոսի մէջ Քաֆարսուսա շրջանը եւ Սուէյտայի հիւսիսը գտնուող Շահպա քաղաքին մօտ Թալ Մասիհ շրջանը:

Իսրայէլի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, «Դամասկոսի մէջ Քաֆարսուսայի դէմ Իսրայէլի վերագրուած յարձակումին թիրախը թերեւս մեծ անձնաւորութիւն մըն էր»:

Լիբանան, Իրան եւ Ռուսիա դատապարտեցին Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Չինաստան Կը Քննարկէ Ռուսիոյ Մահաբեր Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Կարելիութիւնը»

Յաջորդը

«Մինսքի Խմբակը Թոշակի Անցած Է Եւ Գործնականին Մէջ Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?