Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկիրը Կը Գտնուի Սահմանադրական Եւ Ընկերային Քայքայման Եզրին» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Նախագահը

Փետրուար 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ իրաւաբանական համակարգի բարեփոխման նախագիծի դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, յատուկ ուղերձով դիմած է ժողովուրդին եւ յայտարարած, որ իշխանութիւնը չի կրնար կաթուածահար ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը:

«Ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ կաթուածահար ըլլալ», ըսած է Հերցոկ` Նեթանիահուի կառավարութեան կոչ ուղղելով «լսել ընդվզողներու ցաւի ճիչը»:

Հերցոկ նաեւ նախազգուշացուցած է. «Երկիրը կը գտնուի սահմանադրական եւ ընկերային քայքայման եզրին»:

Եարիւ Լեւինի իրաւաբանական բարեփոխումի մէկ մասի առաջին ընթերցումը, որ բազմահազարանոց ցոյցերու պատճառ դարձած էր, նշանակուած է յառաջիկայ երկուշաբթի:

Բարեփոխման հակառակորդներն ու բողոքի ցոյցերու կազմակերպիչները բոլոր համակիրներուն կոչ ուղղած են միանալու ազգային գործադուլին, կոչը հրապարակուած է ընկերային ցանցերուն վրայ:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» հաղորդեց, որ արդարադատական բարեփոխման օրինագիծը Քնեսեթի օրէնքի եւ արդարադատութեան յանձնախումբին կողմէ վաւերացուեցաւ 9 թեր եւ 7 դէմ քուէներով:

Նիստի բացումը կատարուած է քաոսային մթնոլորտի մէջ, ուր ընդդիմադիր անդամներ «ամօթ» եւ «խայտառակ» բացագանչած են եւ յանձնախումբի նախագահ Սիմչա Ռոթմանը ամբաստանած երկիրը կառավարելու յանցանքով: Վերջինս անվտանգութեան պատասխանատուներուն հրամայած է զանոնք ժողովասրահէն հեռացնել, սակայն երեսփոխանները դիմադրած են, երբ անվտանգութեան պատասխանատուները փորձած են զիրենք բռնի ուժով հեռացնել սրահէն: Ստեղծուած քաոսային մթնոլորտը տեւած է աւելի քան 1,5 ժամ:

Երէկ տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացիներ Քնեսեթին առջեւ նշեալ օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ 60 Զինեալ Հաւաքագրած Են Ռուսիոյ Եւ ԱՊՀ-ի Մէջ Ահաբեկչութիւններ Կատարելու Համար» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութիւնը

Յաջորդը

Ամերիկեան Օդուժը 4-րդ Անյայտ Մարմին Մը Վար Առաւ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?