Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Մաքրոն Ժամանակ Կը Կորսնցնէ` Փորձելով Երկխօսութիւն Կատարել Փութինի Հետ»

Փետրուար 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կարծիքով` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր ժամանակը կը վատնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երկխօսութիւն կառուցելու համար:

Իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթի լրագրողը Զելենսքիին հարցուցած է, թէ համաձա՞յն է Մաքրոնի այն դիրքորոշման, թէ «Ռուսիոյ պէտք է յաղթել, սակայն ոչ ջախջախել», եւ որ պէտք է Փութինի հետ երկխօսութիւնը բաց պահել:

«Ատիկա անիմաստ երկխօսութիւն պիտի ըլլայ, իրականութեան մէջ Մաքրոն ժամանակ կը կորսնցնէ: Ես եկած եմ այն եզրակացութեան, որ մենք ի զօրու չենք փոխելու Ռուսիոյ դիրքորոշումը: Եթէ անոնք որոշած են մեկուսանալ հին խորհրդային կայսրութիւնը վերականգնելու երազանքին մէջ, մենք ոչինչ կրնանք ընել, անոնց խնդիրն է` համագործակցի՞լ ազգերու հետ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, թէ՞ ոչ», ըսած է Զելենսքի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնած է, որ Մաքրոնի ուքրանական տագնապին խաղաղ լուծման վերաբերեալ հռետորաբանութիւնը չի համապատասխաներ Ռուսիոյ յաղթանակի անընդունելիութեան եւ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն զէնք մատակարարելու մասին անոր յայտարարութիւններուն:

«Երբեք»-ի մասին. Ֆրանսան Մաքրոնով չսկսաւ, եւ Նափոլիոնի դիակը, պետական մակարդակի վրայ մեծարուած, կը մնայ Փարիզի կեդրոնին մէջ: Ֆրանսա եւ Ռուսիա պէտք է հասկնան», ըսաւ ան:

«Ֆրանսան ՕԹԱՆ-ի անդամ է. դաշինքը բոլոր փաստաթուղթերուն մէջ Ռուսիան իբրեւ հակառակորդ սահմանած է: Փարիզ թերեւս դիմադրած է, սակայն ոչինչ կրցած է ընել, եւ համերաշխութիւն յայտնեց ատոր: Զէնքի մատակարարումը` Ռուսիոյ յաղթանակի անթոյլատրելիութեան մասին յայտարարութիւններու լոյսին տակ որեւէ այլ տրամաբանական եզրակացութիւն չի ձգեր, բացառութեամբ մէկ բանի` անոնք կ՛ուզեն, որ մենք պարտուինք», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Զախարովա:

Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած էր, որ իր երկիրը երբեք հանդէս չէ եկած եւ պիտի չքարոզէ Ռուսիոյ պարտութիւնը: Մաքրոնի համաձայն, ոմանք պիտի ուզէին «նախ եւ առաջ ջախջախել Ռուսիան» եւ «անոր վրայ յարձակիլ ինքնին Ռուսիոյ տարածքին վրայ: Սակայն ատիկա երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ֆրանսայի դիրքորոշումը», ըսած էր ան: Մաքրոն նոյն ատեն կարծիք յայտնած էր, որ կողմերէն ոչ մէկը պիտի յաջողի ամբողջական յաղթանակի հասնիլ:

Մաքրոն «Ժուռնալ տիւ Տիմանշ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամները չեն կրցած յստակ բացատրել իրենց մտադրութիւնները:

«Անոր (Մաքրոնի) համար դաշինքը յարմար գործիք չէր Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերաիմաստաւորելու համար, եւ անոր անդամները չէին կրցած յստակ բացատրել իրենց մտադրութիւնները, ինչ որ ռուսերուն կողմէ նկատուած է իբրեւ ծաւալապաշտութիւն», կը գրէ պարբերաթերթը` վկայակոչելով Մաքրոնը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումը «մասամբ» կը բացատրէ 2007 թուականին Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի արտասանած խօսքն ու անոր հետագայ քայլերը:

 

 

Նախորդը

Իրան Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Վրայ Յարձակումի Հարցը Չքաղաքականացնելու

Յաջորդը

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Յաւելեալ 100 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնեն Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Երկրաշարժի Հետեւանքները Վերացնելու Համար»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?