«Իրան Բոլոր Կողմերը Կը Զգուշացնէ Իսրայէլի Հարցին Մէջ Զգօն Ըլլալու Եւ Այդ Երկրի` Կովկասի Մէջ Ներկայութիւնը Չարտօնելու» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ Կովկասի մէջ իսրայէլեան վարչակարգի ներկայութիւնը շրջանին առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրներէն է: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի. Վի.» կայքը: «Իրան բոլոր կողմերը կը զգուշացնէ Իսրայէլի հարցին մէջ զգօն ըլլալու եւ Իսրայէլի` Կովկասի մէջ ներկայութիւնը չարտօնելու», Անգարայի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ապտոլահեան:...




















