Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մարտի կէսերուն պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթը` յղում կատարելով Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմի մօտիկ աղբիւրին: Կը սպասուի, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի հանդիպի իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ասատի Մոսկուա վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 2021 թուականի կէսերուն:


