Ռուսիոյ Պրիանսք մարզի սահմանային տարածք ներթափանցեցին ուքրանական զինեալ խումբեր: Ուքրանացի շուրջ 50 զինեալներ մուտք գործեցին երկու գիւղ` պատանդ վերցնելով անոնցմէ մէկուն բնակիչները: Ռուսիոյ Ազգային պահակագունդի զինուորները շուտով բախումի մէջ մտան ներթափանցողներուն հետ:
Քաղաքայիններու շարքին արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ուքրանացի զինեալները յարձակում գործեցին Լիուպչեանէ եւ Սուշանի գիւղերուն վրայ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անմիջապէս Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը հրաւիրեց ժողովի մը` քննարկելու համար Պրիանսքի մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Օտեսայի ուքրանական զինուորական վարչակազմը յայտնեց. «Ուքրանական ուժեր չեն ներթափանցած ռուսական Պրիանսք, եւ թերեւս «Վակներ»-ն (ռուս վարձկաններու խումբ, «Ա.») է, որ պատանդներ վերցուցած է»:
«Այն ինչ որ Պրիանսքի մէջ տեղի կ՛ունենայ, ահաբեկչական յարձակում է», նշեց Քրեմլին` աւելցնելով, որ Փութին ջնջած է Սթաւրոփոլ իր այցելութիւնը` հետեւելու համար Պրիանսքի մէջ տիրող կացութեան: