Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել Իր Գաղութատիրական Անցեալին Համար

March 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու շարժման կապի խումբի վեհաժողովի ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի վերաբերեալ խօսք արտասանած է: Ալիեւ իր խօսքի առիւծի բաժինը յատկացուցած է մեղադրանքներուն եւ պահանջներուն: Այս մասին հաղորդեց «Նիուզ»-ը:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ այսօր աշխարհի վրայ կը նկատուի նոր գաղութատիրութեան աճող միտում: Ան այս ծիրին մէջ պահանջած է, որ Ֆրանսան ներում հայցէ:

«Ֆրանսայի կողմէ Եւրոպայի սահմաններէն դուրս կառավարուող տարածքները ֆրանսական գաղութատիրական կայսրութեան զզուելի մնացորդներն են: Մենք նաեւ Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք ներում հայցելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու իր գաղութատիրական անցեալին եւ արիւնալի գաղութատիրական յանցագործութիւններուն ու ցեղասպանական արարքներուն համար Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկիրներու դէմ Ափրիկէի մէջ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ եւ այլ տեղերու մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահը այնուհետեւ ընդլայնած է պահանջներու աշխարհագրութիւնը եւ ՄԱԿ-ը մեղադրած անարդիւնաւէտութեան մէջ: «Կարեւոր հարցը, որ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը քննարկուի ամբողջ աշխարհի վրայ, ՄԱԿ-ի համակարգի բարեփոխումն է: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անցեալի մասին կը յիշեցնէ եւ չ՛արտացոլեր արդի իրողութիւնները», ըսած է ան:

Ալիեւի կարծիքով` Ապահովութեան խորհուրդի կազմը պէտք է ընդլայնուի, որպէսզի աւելի ներկայացուցչական եւ աշխարհագրական առումով աւելի արդարացի ըլլայ, նշած է պետութեան ղեկավարը: Ընդգծելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշ բանաձեւեր գործադրուած են քանի մը օրուան ընթացքին, Ալիեւ ըսած է. «Սակայն Ազրպէյճանի պարագային Հայաստանը գրեթէ 30 տարի անտեսած է Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը, որոնք կը պահանջէին անյապաղ եւ անվերապահօրէն իր ուժերը դուրս բերել Ազրպէյճանի տարածքէն»:

Այնուհետեւ Ալիեւ անցած է Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներուն եւ յայտարարած. «Ազրպէյճանը հայկական բռնագրաւումին պատճառով կը մտնէ աշխարհի ամէնէն շատ ականապատուած երկիրներու ցանկին մէջ»: Ան հաւաստած է. «Շուրջ 300 ազրպէյճանցի սպաննուած կամ լրջօրէն վիրաւորուած է ականներու պայթումներէն` 2020 թուականի նոյեմբերին ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք»: «Ազրպէյճանի ազատագրուած տարածքները վերածուած էին քաղաքասպանութեան, մշակութասպանութեան եւ կենսոլորտասպանութեան օրինակներու», ըսած է Ալիեւ:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիան Պիտի Չերկարաձգէ Հացահատիկի Գործարքը, Եթէ Հացահատիկ Եւ Պարարտանիւթեր Արտադրող Ռուսերուն Շահերը Նկատի Չառնուին»

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Պլինքըն-Լաւրով Կարճատեւ Հանդիպում

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.