Թուրքիոյ նախագահին առընթեր անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ Չաղրը Էրհան յայտնեց. «Անգարան կազի կեդրոնի կառուցման համար կարիքը պիտի ունենայ ռուսական ներդրումներու»:
«Կեդրոնի կառուցման շուրջ բանակցութիւնները առկախուեցան, որովհետեւ երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ մէջ շատ բան փոխուեցաւ: Բոլոր առաջնահերթութիւնները փոխուեցան: Սկզբունքով այո՛, (Թուրքիան պիտի օգտուի կեդրոնէն), սակայն հիմա զայն կառուցելու դրամը չունինք: Եթէ Ռուսիան դրամը ունի, խնդրեմ, սկսէք կեդրոնը կառուցելու. այս բոլորը կախեալ է անոնց ներդրումներէն», նշեց Էրհան:
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ յունուարի վերջաւորութեան յայտարարեց 14-15 փետրուարին կազի կեդրոնին մէջ կազ սպառող եւ ներածող երկիրներու միջազգային ժողովի գումարումը, սակայն 6 փետրուարի երկրաշարժէն ետք այդ ժողովը յետաձգուեցաւ 22 մարտին:
Աղբիւրներ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են, որ երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ մէջ կազի կեդրոնի կառուցման ծրագիրին շուրջ ընթացող աշխուժ բանակցութիւնները առկախուած են եւ պիտի շարունակուին մօտիկ ապագային:


