Փրայս Իր Վերջին Մամլոյ Ասուլիսին Մէջ Եւս Անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի Կացութեան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով Ազրպէյճանի սահմանի երկայնքին Իրանի զինուորական օդանաւի թռիչքի վերաբերեալ «Թուրան» գործակալութեան հարցումին, ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ անհանգստութեամբ կը հետեւին լարուածութեան: «Իրան երկար ժամանակէ ի վեր վնասակար դերակատար է շրջանին մէջ: Անոր չարամիտ գործունէութիւնը կը սպառնայ մօտիկ եւ հեռու դրացիներուն: Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք նման տեսակի լարուածութեան», յայտարարած է...




















