Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Նախագահը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ «Մոսկուայի Թելադրանք»-ը Եղող «Օտարերկրեայ Գործակալներու» Մասին Օրէնքին Դէմ Բողոքողներուն

Մարտ 9, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի ըսած է, որ անոնք, որոնք Ռուսթավելիի պողոտային մէջ կանգնած են «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին դէմ, կը ներկայացնեն ազատ Վրաստանը»:

Վրաստանի նախագահը այս օրերուն պաշտօնական այցելութեան կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, սակայն տեղեկանալով Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն մասին` ուղերձ յղած է աջակցութիւն յայտնելով ընդդիմադիրներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզճորճիա» կայքը:

«Ես կը դիմեմ անոնց, որոնք այս գիշեր կանգնած են Ռուսթավելիի վրայ, որովհետեւ անոնք բազմիցս կանգնած են: Ես կանգնած եմ այստեղ` Նիւ Եորքի մէջ, իմ ետեւս Ազատութեան արձանն է: Ազատութիւնը խորհրդանիշ է, որուն համար Վրաստանը միշտ պայքարած է… Ես ձեր կողքին եմ: Այսօր դուք կը ներկայացնէք ազատ Վրաստանը: Վրաստանը, որ իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպայի մէջ, ոչ ոքի պիտի արտօնէ խլել այս ապագան: Այս ապագան կը պատկանի մեր յաջորդ սերունդին: Ասիկա այն ապագան է, որ պատրաստած էին նախորդ սերունդները, եւ մենք պատրաստած էինք: Ոչ ոք իրաւունք ունի քեզմէ խլելու քու ապագադ: Ոչ ոք իրաւունք ունի թակարդներ լարելու: Այս օրէնքը ոչ ոքի պէտք էր, անիկա ոչ մէկ տեղէ վերցուած էր, բացի Մոսկուայի թելադրանքէն: Ասիկա պէտք է ջնջուի: Ոչ մէկ ձեւով պէտք է ուղարկուի Վենետիկի յանձնաժողով: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ ասիկա ի՛նչ օրէնք է: Առաջին օրէն ըսած եմ, որ վեթօ պիտի ըլլայ: Եւ Վեթօ պիտի ըլլայ:

«Զիս չի հետաքրքրեր յօդուած առ յօդուած քննարկումը, ատոր նմանութիւնը ամերիկեան հին օրէնքին, որ, ինչպէս շատ լաւ գիտենք, ամբողջովին այլ նպատակի պիտի ծառայէ: Զիս կը հետաքրքրէ միայն Վրաստանի ապագան, միայն սահմանադրութիւնը, որուն երաշխաւորը ես եմ, եւ այս սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ, որ Վրաստանի բոլոր կառոյցները եւ նախ եւ առաջ ես, կառավարութիւնը, իշխանութիւնները պարտաւոր ենք ընել ամէն ինչ` այս երկիրը տանելու Եւրոպական Միութիւն, պաշտպանելու եւրոպական համարկման ճամբան: Այսօր այս օրէնքին սատարողները եւ այս օրէնքին կողմ քուէարկողները կը խախտեն սահմանադրութիւնը: Դուք մեզ բոլորս կը հեռացնէք Եւրոպայէն», ըսած է Վրաստանի նախագահը:

Երեքշաբթի երեկոյեան յատուկ ջոկատայինները ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ կիրարկած էին Թիֆլիսի խորհրդարանին դիմաց առաւօտէն ի վեր ցոյցը ցրելու համար: Ցուցարարները կը բողոքէին օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծի որդեգրման դէմ: Ցուցարարները քոքթել մոլոթովներ նետած էին ոստիկանութեան վրայ:

Երկու կողմերէն արձանագրուեցան վիրաւորներ, իսկ ոստիկանութիւնը շարք մը անձեր բերման ենթարկեց:

Օրինագիծը կը վայելէ զօրակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն եղող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ու անոր կարգ մը դաշնակիցներուն:

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը կը քննադատեն օրինագիծը: Ըստ անոնց, անոր որդեգրումը արգելք պիտի հանդիսանայ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Պրիւքսել քննադատեց օրինագիծը` զայն եւրոպական արժեչափերուն ոչ համահունչ նկատելով:

Ուաշինկթըն. «Խաղաղ Ցուցարարներուն Պէտք Է
Արտօնուի Իրականացնել Իրենց Իրաւունքները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Վրաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Փրայս ընդգծած է, որ խաղաղ ցուցարարներուն պէտք է արտօնուի իրականացնել իրենց իրաւունքները:

Պորել. «Օրէնքը Կը Հակասէ Վրաստանի`
Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Նպատակին»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց. «Վրաստանի խորհրդարանը երեքշաբթի օր առաջին ընթերցումով որդեգրած է արտաքին ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին նոր օրէնքը, ինչ որ շատ վատ զարգացում է Վրաստանի եւ անոր ժողովուրդին համար: Օրէնքը անհամատեղելի է Եւրոպական Միութեան արժէքներուն եւ չափանիշներուն հետ. ատիկա կը հակասէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Վրաստանի յայտարարած նպատակին»:

Պորել կոչ ուղղեց` «յարգելու Վրաստանի քաղաքացիներու խաղաղ բողոքի իրաւունքը»: Անոր կարծիքով` օրէնքը «իր ներկայ տեսքով կը սպառնայ սառեցնող ազդեցութիւն ունենալ քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներուն վրայ` բացասական հետեւանքներ ունենալով բազմաթիւ վրացիներու համար»:

Ան զգուշացուցած է, որ օրէնքի կիրարկումը «կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն վրայ»:

Ըստ օրինագիծին, իրաւաբանական անձը, որուն ֆինանսաւորման աւելի քան 20 առ հարիւրը կու գայ արտերկիրէն, պէտք է նկատուի օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալ: Փաստաթուղթին համաձայն, լրատուամիջոցները կրնան նաեւ օտարերկրեայ գործակալ ըլլալ, մինչդեռ նախաձեռնութիւնը չի վերաբերիր անհատներու:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ-Լիտըրզ Մրցումով Աւարտեցաւ 17-րդ Հանգրուանը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Յառաջիկայ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան-Սուրիա Քառակողմ Ժողովի Նախապատրաստական Ժողով Պիտի Գումարուի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?