Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկ Ծոցի երկիրներն ու Իրանը հրաւիրած է այս տարի Փեքինի մէջ վեհաժողով գումարելու:
Չինաստանի նախագահը այս առաջարկը կատարած է Ռիատի մէջ դեկտեմբեր 2022-ին չին-արաբական վեհաժողովի ծիրին մէջ, իսկ իրանեան իշխանութիւնները «քանի մը օր ետք» համաձայն գտնուած են այդպիսի ժողովի մը մասնակցութեան: