ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, թէ չի բացառեր յառաջիկայ օրերուն ռուսական ուժերու կողմէ Պախմութի գրաւումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին մեկնաբանած է Տոնեցքի մարզի Պախմութ քաղաքին մօտ շարունակուող ծանր մարտերը:
«Ռուսիան որակի պակասը կը փորձէ ամբողջացնել քանակով: Անոնք մեծ կորուստներ կրած են, սակայն միեւնոյն ժամանակ չենք կրնար բացառել, որ Պախմութը ի վերջոյ մօտ օրէն կրնայ իյնալ: Կարեւոր է ընդգծել, որ ատիկա չի նշանակեր, որ պատերազմի մէջ յստակ բեկում տեղի ունեցած է: Ասիկա պարզապէս կ՛ընդգծէ, որ մենք պէտք չէ թերագնահատենք Ռուսիան», ըսած է ան:
Չորեքշաբթի առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի ուսումնասիրման հիմնարկի փորձագէտները յայտնած են, որ ուքրանական բանակը Պախմութի արեւելեան մասէն նահանջած է, իսկ ռուսական «Վակներ» վարձկաններու խմբաւորումի ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին յայտարարած է, որ խմբաւորումը գրաւած է այդ շրջանը:
Աւելի ուշ ուքրանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ցամաքային զօրքերու հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքի երկու շաբթուան ընթացքին 4-րդ անգամ այցելած է Պախմութ: Զօրավարի թելեկրամեան էջին վրայ հրապարակուած է տեսանիւթ, որուն մէջ ան պարգեւներ կը յանձնէ քաղաքի պաշտպաններուն:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի` բացատրելով ուքրանական ուժերը պաշարուած քաղաքին մէջ պահելու իր որոշումը, յայտնեց, որ ռուսական զօրքերը Պախմութը գրաւելէ ետք «բաց ճամբայ» պիտի ունենան գրաւելու արեւելեան Ուքրանիոյ առանցքային քաղաքները եւ կրնան քրամաթորսք եւ Սլովիանսք երթալ: «Ատոր համար մեր տղաքը այնտեղ կանգնած են», «Սի. Էն. Էն.»-ին, յայտնեց Զելենսքի:


