Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ իրանեան պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ գոյացած համաձայնութիւնը որեւէ երկրի դէմ չէ ուղղուած, այլ «ի շահ շրջանի պետութիւններուն է»:
«Ռիատի հետ, չինական միջնորդութեամբ կատարուած բանակցութիւնները բարդ ու դժուար էին, սակայն կարեւորը այն է, որ յստակ արդիւնքի յանգեցան», ըսաւ Ապտոլլահեան` նշելով. «Սէուտական կողմը հաստատեց բնականոն յարաբերութիւններուն վերականգնումը»:
«Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ համաձայնութիւնը երկու ժողովուրդներու շահերուն համահունչ է, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին շրջանային հարցեր, ներառեալ Եմէնը, Սուրիան, Աֆղանիստանը եւ մինչեւ իսկ Ուքրանիան, որոնք իրենց յատուկ երկկողմանի մեքանիզմները ունին», յայտնեց ան` նշելով. «Թեհրան երկխօսութիւնը կը նկատէ այդ մարտահրաւէրներուն մէջ գլխաւոր առանցքը»:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են երկու երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով, որովհետեւ առկայ մարտահրաւէրներու մէկ կարեւոր մասը առնչուած է անվտանգութեան հարցերու:
Ըստ նախարարին, համաձայնութիւն գոյացած է առաւելագոյնը երկու ամիսէն դեսպաններու փոխանակում կատարելու եւ դեսպանատուները վերաբանալու:
Ապտոլլահեան նշեց, որ իր երկիրը շնորհակալութիւն յայտնած է Օմանին ու Իրաքին անոնց միջնորդական ջանքերուն համար, որոնց ծիրին մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ անվտանգութեան հարցերով բանակցութիւններու 8 փուլ տեղի ունեցած է:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի իր կարգին ըսաւ. «Երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները, անկեղծ, թափանցիկ, համապարփակ ու շինիչ էին»: Ան աւելցուց. «Անհասկացողութիւններու վերացումն ու Թեհրանի ու Ռիատի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ապագային նայիլը շրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման պիտի յանգեցնեն, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրներու կառավարման համար Ծոցի երկիրներուն ու իսլամական աշխարհին միջեւ գործակցութեան յաւելման պիտի մղեն»:
Սաֆաւի. «Իրան–Սէուտական Համաձայնութիւնը
Ամերիկայի Համար Քաղաքական Երկրաշարժ Է»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերով խորհրդատու զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի երէկ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման համաձայնութիւնը նկատեց «քաղաքական երկրաշարժ» մը` նշելով, որ այդ համաձայնութիւնը «շրջանին վրայ ամերիկեան տիրակալութեան աւարտը կը ներկայացնէ»:
«Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ համաձայնութեամբ Ծոցի շրջանին մէջ սկսաւ յետամերիկեան ժամանակաշրջանը», ըսաւ Սաֆաւի` աւելցնելով. «Իրան-սէուտական համաձայնութիւնը ի շահ երկու պետութիւններուն ու արեւմտեան Ասիոյ շրջանին է»` ընդգծելով, որ անիկա «շրջանին մէջ որեւէ պետութեան դէմ չէ ուղղուած»:
«Համաձայնութիւնը Չինաստանի կողմէ Ամերիկային հասցուած երկրորդ մեծագոյն հարուածն է, եւ կը թուի, թէ Չինաստանն ու Ռուսիան պիտի օգնեն Սէուտական Արաբիոյ, որ վերջինս Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ դառնայ», յայտնեց ան:
Նշենք, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա ուրբաթ օր միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են երկխօսութիւնն ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու, ինչպէս նաեւ երկու ամսուան ընթացքին երկու երկիրներուն մէջ իրենց դեսպանատուները վերաբանալու:
Արաբական կողմեր, ներառեալ Եգիպտոսը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը ողջունեցին այդ մերձեցումը` նշելով, որ ատիկա պիտի նպաստէ շրջանին մէջ դրական մթնոլորտի ստեղծման եւ կը նպաստէ շրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան: