Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Ուաշինկթընի Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակման Համաձայնութիւն Գոյացաւ». Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ

March 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Իրանի կառավարական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց. «Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերին»: Ան աւելցուց. «Կը յուսանք, որ փոխանակումը մօտ օրէն տեղի ունենայ»:

«Վերջին օրերուն համաձայնութիւն գոյացուցինք Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ, եւ եթէ հարցերը ամերիկեան կողմէն լաւ ընթանան, կը կարծեմ, որ կարճ ժամանակէն գերիներու փոխանակում պիտի տեսնենք: Մեր կողմէ ամէն բան պատրաստ է, մինչ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս կ՛աշխատին թեքնիք վերջնական համակարգումին վրայ»:

Աւելի ուշ, Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը հերքեց այդ լուրը` նշելով, որ «իրանցի պաշտօնատարներու Իրանի մօտ սխալ կերպով արգելափակուած ամերիկացի քաղաքացիներու ազատ արձակման համաձայնութեան ձեռք բերման մասին պնդումները սուտ են»` աւելցնելով. «Դժբախտաբար իրանցի պաշտօնատարները չեն վարանիր բաներ հնարելէ, եւ վերջին ծանր պնդումները յաւելեալ տխրութիւն պիտի պատճառեն Սիամաք Նամազիի, Իմատ Շարքիի եւ Մուրատ Թախպազի ընտանիքներուն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին հերքեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Իրան եւ Միացեալ Նահանգներ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերած են բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ:

Ան այդ լուրը կոչեց «եւս մէկ առանձնակի դաժան սուտ, որ միայն կը խորացնէ Միացեալ Նահանգներու Իրանի մէջ բանտարկուած քաղաքացիներու ընտանիքներու տառապանքները»:

«Մենք անդադար կ՛աշխատինք Իրանի մէջ ապօրինաբար ձերբակալուած երեք ամերիկացիները ազատ արձակելու համար», ըսաւ Փրայս` աւելցնելով. «Մենք կանգ պիտի չառնենք, մինչեւ որ անոնք վերամիաւորուին իրենց սիրելիներուն հետ»:

Նախորդը

Ղարիպաշվիլի Զելենսքիին Կոչ Կ՛ուղղէ` Վրաստանի Ներքին Հարցերուն Չմիջամտելու

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Չինաստանի Նախագահը Ծոցի Երկիրներն Ու Իրանը Փեքինի Մէջ Վեհաժողովի Հրաւիրած Է

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.