Ներկայացուցիչներու տունը մերժեց ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումը: Համապատասխան օրինագիծը ներկայացուած էր հանրապետական քոնկրեսական Մաթ Կեցի կողմէ:
103 քոնկրեսականներ թեր քուէարկեցին օրինագիծին, 321 ուրիշներ` դէմ: Թեր քուէարկողներու շարքին էին 56 դեմոկրատական եւ 57 հանրապետական քոնկրեսականներ:
Կեց խօսք մը արտասանելով քննադատեց ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը` կոչ ուղղելով զանոնք այդտեղէն հեռացնելու: Ան նաեւ քննադատեց այդ ուժերուն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը` նշելով, որ ատիկա թիրախ կը դարձնէ շահերը «ՕԹԱՆ-ի մէջ գործընկեր Թուրքիոյ»: «Ամերիկեան բանակի առաքելութիւնը ամերիկացիներու տուրքերով այլ երկիրներու մէջ պատերազմներ հրահրելը չէ», ըսաւ ան:
Ըստ օրինագիծին, փետրուար 2023-ի տուեալներով Սուրիոյ մէջ ամերիկացի զինուորներուն թիւը 900 է:


