Վրաստանի նախագահ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին կոչ ուղղեց` անցեալ շաբաթ երկրին մէջ բարձրացած բողոքի ալիքէն ետք, Վրաստանի մէջ քաղաքական կացութեան չմիջամտելու: Զելենսքի կարեկցանք յայտնած էր վրացի ցուցարարներուն:
Միւս կողմէ` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վրաստանի վարչապետը կիրակի օր ԻՄԷՏԻ պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Ուքրանիան Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին ուղարկած է իր հայրենիք` Վրաստանի մէջ կացութիւնը ապակայունացնելու եւ երկիրը զինուորական գործողութիւններու մէջ ներքաշելու համար:
«Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի սկիզբը կը սպասուէր արդէն (2021-ի) նոյեմբերին, առաւելագոյնը` դեկտեմբերին: Մենք այդ մասին տեղեկութիւն ունէինք, այդ շարքին` ես ալ այդ մասին գիտէի մեր գործընկերներէն: Սահակաշվիլին ե՞րբ ժամանեց Վրաստան, 1 հոկտեմբերին: Սահակաշվիլիին կազմակերպուած ձեւով ուղարկեցին, հիմնական նպատակը այստեղ յեղաշրջում կազմակերպելն էր եւ ճիշդ ժամանակին երկիրները պատերազմի մէջ ներքաշելն էր: Մենք ատոր մէջ կասկած չունինք», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
Վարչապետի համաձայն, «Ուքրանիոյ համար, հաւանաբար, տեսակ մը թեթեւացում պիտի ըլլար, եթէ Ռուսիան իր ուշադրութիւնը տեղափոխէր» Վրաստանի վրայ: Ըստ Ղարիպաշվիլիի, եթէ Սահակաշվիլիի հիմնադրած ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը ըլլար իշխանութեան վրայ, Վրաստանը «պիտի վերածուէր բազմանկիւնի», իսկ երկիրը պիտի ստանար «երկրորդ Մարիուփոլը»: Այսպիսով, Ուքրանիան «ժամանակ պիտի շահէր», եզրափակած է Վրաստանի վարչապետը:
Սահակաշվիլին գաղտնաբար Վրաստան հասած է հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններու նախօրեակին. ատկէ ետք ան ձերբակալուած էր եւ տեղաւորուած Ռուսթաւի քաղաքի բանտ: Ան հացադուլ յայտարարած է` ինքզինք կոչելով քաղաքական բանտարկեալ: Առողջական վիճակի վատթարացումէն ետք Վրաստանի նախկին նախագահը տեղափոխուած է բանտային հիւանդանոց, իսկ աւելի ուշ` զինուորական հիւանդանոց: Դեկտեմբեր 2021-ին Սահակաշվիլի շարունակած է պատիժը կրել բանտին մէջ, սակայն մայիս 2022-ին զինք տեղափոխած են Թիֆլիսի «Վիւամետ» սեփական դարմանատուն, ուր ան կը մնայ մինչեւ օրս: Նախկին նախագահը բազմիցս յայտարարած է, որ բանտին մէջ ծանր հիւանդութիւններ ունեցած է: Վրաստանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Սահակաշվիլի հիւանդ կը ձեւանայ: