Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նշեց. «Արեւմտեան պետութիւնները շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնեն, կը պահանջեն Ռուսիոյ վրայ պատժամիջոցներ հաստատել եւ կը հարցնեն, թէ ինչո՛ւ Ռուսիոյ հետ կը գործակցինք, սակայն ոեւէ մէկուն մտիկ չըրինք եւ տօնեցինք հիւլէական ուժանիւթի «Աքքոյու» կայանին վառելանիւթի առաջին քանակի ստանձնումը»:
Քալըն նախապէս յայտնած էր. «Ռուսիոյ դէմ Թուրքիոյ պատժամիջոցները նախ եւ առաջ ինքնին Անգարային վնաս պիտի պատճառեն»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ապրիլի սկիզբը ըսած էր. «Անգարա Ռուսիոյ դէմ միակողմանի պատժամիջոցներուն չի միանար, միեւնոյն ժամանակ չ՛արտօներ անոնց շրջանցումը»: