Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Թուրքիոյ Նախագահ Վերընտրուեցաւ

Մայիս 29, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 14 մայիսին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլի ընթացքին ապահոված էր քուէներու 49,5 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն՝ քուէներուն 44,9 առ հարիւրը։

85 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրին մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր էր, ոչ միայն ճշդելու համար, թէ ով երկիրը պիտի ղեկավարէ, այլ նաեւ ճշդելու համար, թէ անիկա ինչպէս պիտի կառավարուի եւ դէպի ուր կ’ուղղուի անոր տնտեսութիւնը, որ ապրուստի մեծ սղաճ ու ազգային դրամանիշի արժեզրկում կը դիմագրաւէ։ Ընտրութիւնը նաեւ պիտի ճշդէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը։

Էրտողան եւ Քըլըչտարօղլու նոյն պահուն քուէարկեցին՝ յաջորդաբար Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ։ Գործող նախագահը քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Հեզասահ ընտրական հոլովոյթ մը եւ արդիւնքներու արագ յայտարարում կը նախատեսենք»։ «Թուրքիան փաստեց, թէ որքան կառչած է ժողովրդավարութեան», ըսաւ ան։

Քըլըչտարօղլու իր կարգին յայտնեց. «Բոլոր քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղեմ՝ քուէատուփեր ուղղուելու եւ պաշտպանելու իրենց քուէները, որովհետեւ ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ դժուար պայմաններու մէջ»։ «Թուրքերուն կոչ կ’ուղղեմ՝ մենատիրական վարչակարգէն ձերբազատուելու համար քուէարկելու», ըսաւ ան։

Նախքան այդ, Թուրքիոյ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ահմեթ Եանար յայտարարեց. «Նախագահական ընտրութեան արդիւնքի յայտարարումը շատ պիտի չ’ուշանայ ինչպէս պատահեցաւ առաջին փուլին»` աւելցնելով, որ երկրորդ փուլին մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր է։

Էրտողան քուէարկութեան աւարտէն ու քուէներու հաշուարկը սկսելէն ետք կոչ ուղղեց՝ մինչեւ վերջնական արդիւնքի յայտարարումը պաշտպանելու քուէատուփերը։ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց՝ մինչեւ ժամը 7 սպասելու կուսակցութեան մամլոյ ասուլիսին, եւ ատկէ առաջ կուսակցութեան կողմէ չհրապարակուած որեւէ արդիւնք անտեսելու։ Կուսակցութեան բանբերը նաեւ յայտարարեց. «Պիտի պաշտպանենք մեր ժողովուրդի կամքը եւ յաղթանակ արձանագրենք»։

Նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 83,99 առ հարիւր էր։

Էրտողանի համակիրները ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքի յայտարարութենէն առաջ Պոլսոյ, Անգարայի եւ այլ քաղաքներու մէջ սկսան տօնել անոր յաղթանակը։

Նշենք, որ տօնախմբութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Աքքարի Քուեշրա, Պիրէ եւ շարք մը այլ գիւղերու մէջ։

Էրտողան իր կարգին Պոլսոյ մէջ իր համակիրներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց իր յաղթանակը՝ նշելով. «Մեր ժողովուրդը մեզի ժողովրդավարութեան տօն ապրեցուց»։ Ան ըսաւ, որ ընտրական հոլովոյթը ընթացած է «առողջ եւ հանդարտ կերպով»։

«Ան որ ժողովուրդին կը ծառայէ երբեք չի պարտուիր», ըսաւ ան՝ աւելցնելով.«Ժողովուրդը մեզի յառաջիկայ հինգ տարի իշխելու պատասխանատուութիւնը վստահեցաւ»։ «Երթը սկսանք եւ զայն պիտի շարունակենք», ընդգծեց Էրտողան՝ նշելով. «Ոչ ոք կրնայ թուրք ժողովուրդին վերէն դիտել»։

«Այսօր Թուրքիան յաղթեց, Ազրպէյճանը յաղթեց, Ղարաբաղը յաղթեց», յայտարարեց հինգ տարուայ նոր նստաշրջանի մը համար Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Էրտողան։

Քըլըչտարօղլու իր համակիրներուն առջեւ պաշտօնական ու հակիրճ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Ընտրութիւննները արդար չէին, եւ միւս թեկնածուն պետութեան կարելիութիւններէն օգտուեցաւ»։ «Կը մաղթեմ, որ մեր երկիրին մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման համար մեր պայքարին մէջ մեզի աջակցիք»՝ աւելցնելով. «Պիտի աջակցինք Թուրքիոյ եւ մեր ժողովուրդին կողքին պիտի ըլլանք»։

Ան ապահովեց քուէներուն 52,14 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ Քըլըչտարօղլուն՝ 47,86 առ հարիւրը։

Բազմաթիւ միջազգային ղեկավարներ շնորհաւորեցին Էրտողանը նախագահ վերընտրուելուն համար։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Էրտողանը «սիրելի բարեկամ» կոչելով շնորհաւորեց անոր արձանագրած յաղթանակը՝ նշելով.«Յաղթանակը թուրք ժողովուրդին Էրտողանի վարած արտաքին անկախ քաղաքականութեան գնահատման փաստն է»։ «Մենք մեծապէս կը գնահատենք ռուս-թրքական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ձեր անձնական ներդրումը», նշեց Փութին։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին շնորհաւորելով Էրտողանը իր թուիթըրեան էջին վրայ գրեց. «Ես կ’ակնկալեմ շարունակել, իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներ, երկկողմ խնդիրներու եւ հասարակաց համաշխարհային մարտահրաւէրներու շուրջ միացեալ աշխատանքը»։

Նշենք, որ Էրտողանի իր յաղթանակը յայտարարելէն ետք, թրքական լիրայի փոխարժէքը տոլարին դիմաց 20,5-ի նուազեցաւ։

Նախորդը

Խմբագրական. Կասեցնելու Համար Գահավիժումը (Մայիս 28-ի Խորհուրդներու Կենսագործման Համար)

Յաջորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին Յանձնառու Են Աջակցելու Խաղաղութեան Ապահովման Նպատակին, Որ Աւելի Լաւ Ապագայ Պիտի Բերէ Հարաւային Կովկասի Համար»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար
Միջազգային

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար

Հոկտեմբեր 11, 2025
Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»
Միջազգային

Փութին. «Իսրայէլ Մեզմէ Խնդրեց Իրանին Փոխանցել Պատգամներ, Թէ Ճակատումով Հետաքրքրուած Չէ Եւ Կարգաւորման Յանձնառու Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?