Միջազգային

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Միացեալ Նահանգներ Վրաստանը Կը Նախազգուշացնեն Պատժամիջոցներու Վտանգէն

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Վրաստանի կառավարութիւնն ու սեփական մարզը կրկին զգուշացուցած է անոնց դէմ Միացեալ Նահանգներու միակողմանի պատժամիջոցներու հաստատման կարելիութենէն` Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման պատճառով: «Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի մէջ ռուսական օդանաւերուն, ապա բազմաթիւ արեւմտեան երկիրներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, կ՛արգիլեն ռուսական օդանաւերու իրենց օդային տարածք մուտքը: Մեզ կը մտահոգէ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու վերականգնումը: Ասիկա...

Օղան Իր Աջակիցներուն Կոչ Ուղղած Է  Երկրորդ Փուլին Իրենց Քուէն Տալու Էրտողանին

Օղան Իր Աջակիցներուն Կոչ Ուղղած Է Երկրորդ Փուլին Իրենց Քուէն Տալու Էրտողանին

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ դիրքը գրաւած Սինան Օղան իր աջակցութիւնը յայտնած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` իր աջակիցներուն կոչ ուղղելով երկրորդ փուլին իրենց քուէն տալու գործող նախագահին: Արմատներով ազրպէյճանցի ծայրայեղ ազգայնական հայեացքներով ծանօթ Սինան Օղան 14 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութեան ստացած էր քուէներու 5,2 առ հարիւրը: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Մենք երկու թեկնածուներուն հետ ալ հանդիպումներ ունեցած ենք, կ՛ուզենք...

ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը  Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ «Յանցագործութիւնները»  Միաձայնութեամբ Ճանչցած Է Իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»

ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ «Յանցագործութիւնները» Միաձայնութեամբ Ճանչցած Է Իբրեւ «Ցեղասպանութիւն»

ՕԹԱՆ-ի երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովը Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ «յանցագործութիւնները» միաձայնութեամբ ճանչցած է իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: «Կոլոսամերիքի» կը գրէ, որ այս մասին ըսած է Լիւքսամպուրկի մէջ ընթացող վեհաժողովի մէջ Ուքրանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Եկոր Չեռնեւ: «Ասիկա մեր դիւանագիտական յաղթանակն է: Հռչակագիրի վերջնական բնագիրին առնչուած մեր բոլոր հիմնական ցանկութիւնները հաշուի առնուած են», ըսած է Չեռնեւ: Հռչակագիրը կ՛աջակցի ռուսական զինուորական յանցագործութիւններու համար միջազգային դատարանի ստեղծման եւ...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Ներքին  Գործոց Նախարարին Աքսայի Մզկիթ Այցելութիւնը

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Ներքին Գործոց Նախարարին Աքսայի Մզկիթ Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի Աքսայի մզկիթի շրջափակ «սադրիչ» այցելութեան առնչութեամբ: Միլլըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս սրբազան վայրը պէտք չէ քաղաքական նպատակներու համար օգտագործուի, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու անոր սրբութիւնը»:  

Աքար. «Հիւսիսային Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելէ Պիտի Չդադրինք»

Աքար. «Հիւսիսային Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելէ Պիտի Չդադրինք»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Անգարան ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն պիտի չդադրի, մինչեւ որ վերջին ահաբեկիչը վնասազերծէ»: Աքար Պոլսոյ մէջ «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Սուրիան» նիւթով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը հզօր ու մեծ Թուրքիոյ դիմաց մեծագոյն մարտահրաւէրը կը նկատուի»: Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը մեծ վճռականութեամբ պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան...

Ուաշինկթըն Դէմ Չէ Ամերիկեան Զէնքերով  Խրիմին Հարուած Հասցնելու.  Մոսկուա Կը Մեկնաբանէ

Ուաշինկթըն Դէմ Չէ Ամերիկեան Զէնքերով Խրիմին Հարուած Հասցնելու. Մոսկուա Կը Մեկնաբանէ

Միացեալ Նահանգներ դէմ չեն Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ Խրիմին ամերիկեան զէնքի օգտագործումով հարուածներ հասցնելուն, որովհետեւ այդ տարածքը «միջազգայնօրէն ճանչցուած է» իբրեւ Ուքրանիոյ մաս: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն: «Մենք որեւէ սահմանափակում չենք կատարած, որպէսզի Ուքրանիան հարուածէ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքները: Իսկ Խրիմը, մեր կարծիքով, Ուքրանիա է»,...

Յունաստանի Վարչապետի Կուսակցութիւնը  Յաղթած Է Ընտրութիւններուն, Սակայն  Խորհրդարանին Մէջ Մեծամասնութիւն Չէ Ապահոված

Յունաստանի Վարչապետի Կուսակցութիւնը Յաղթած Է Ընտրութիւններուն, Սակայն Խորհրդարանին Մէջ Մեծամասնութիւն Չէ Ապահոված

Յունաստանի գործող վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը յաղթած է համազգային ընտրութիւններուն մէջ` ապահովելով քուէներուն 41 առ հարիւրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Միցոթաքիսի կուսակցութեան ընդամէնը 5 աթոռ կը պակսի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմելու համար: Գրեթէ բոլոր քուէներու հաշուարկին հիմամբ` «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 146 աթոռ, իսկ մեծամասնութիւն կազմելու համար պէտք է 151 աթոռ: Ընտրութիւններուն մէջ անոր...

Չաւուշօղլու Ռուսիոյ Մասին Խօսքերէն Ետք  Քըլըչտարօղլուին Խորհուրդ Տուած Է Աւելի Լուրջ Ըլլալ

Չաւուշօղլու Ռուսիոյ Մասին Խօսքերէն Ետք Քըլըչտարօղլուին Խորհուրդ Տուած Է Աւելի Լուրջ Ըլլալ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները որեւէ ապացոյց չունին, թէ Ռուսիան կը փորձէ միջամտել Թուրքիոյ ընտրութիւններուն, իսկ ընդդիմութեան կողմէ նման մեղադրանքներ առաջադրած նախագահի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու պէտք է աւելի լուրջ ըլլայ: «Պարոն Քըլըչտարօղլուն սկսած է սպառնալ Ռուսիոյ: Սխալ է այսպէս փճացնել մեր յարաբերութիւնները որեւէ երկրի հետ: Ես անոր հարցուցի, թէ արդեօք ան ապացոյցներ կամ փաստաթուղթ...

Երթեւեկի Կանոններու Խախտում Մը  Կրնայ Տապալել Բրիտանիոյ  Ներքին Գործոց Նախարարը

Երթեւեկի Կանոններու Խախտում Մը Կրնայ Տապալել Բրիտանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սուելա Պրավըրման կիրակի օր նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ անոր շուրջ յառաջացաւ այն կասկածանքը, թէ ինքնաշարժը արագ վարելէ ետք փորձած է յատուկ վերաբերմունքի արժանանալ, ինչ որ ընդդիմութիւնը մղեց Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիչի Սունաքէն պահանջել, որ հարցին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկէ: Բրիտանական «Տը Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ նախարարը ինքնաշարժը վարելու արագութեան շեմը անցնելուն համար տուգանքի ենթարկուած է, ապա իր...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Յարձակումի  Ենթարկուած Է «Հարաւային Ազրպէյճանի  Պատկերասփիւռի Կայան»-ի Ղեկավարը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Յարձակումի Ենթարկուած Է «Հարաւային Ազրպէյճանի Պատկերասփիւռի Կայան»-ի Ղեկավարը

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու պնդումով` Միացեալ Նահանգներու մէջ յարձակումի ենթարկուած է «Հարաւային Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի կայան»-ի («ԿիւնԱզ Թի.Վի.») ղեկավար Ահմետ Օպալին: «Թուրան» լրատու գործակալութեան տուեալներով` ազրպէյճանցի լրագրողը բռնութեան ենթարկուած է Քալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա քաղաքի պանդոկներէն մէկուն մէջ` Ազրպէյճանէն Միացեալ Նահանգներ վերադառնալուն յաջորդ օրը: Օպալին մարմինի տարբեր հատուածներու կոտրուածքներով հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան: «ԿիւնԱզ Թի.Վի.»-ի ներկայացուցիչ Արազ Օպազլի «Թուրան»-ին...

«Վակներ» Կը Յայտարարէ, Թէ Գրաւած Է  Պախմութը, Զելենսքի Կը Հաստատէ,  Ապա Կը Հերքէ

«Վակներ» Կը Յայտարարէ, Թէ Գրաւած Է Պախմութը, Զելենսքի Կը Հաստատէ, Ապա Կը Հերքէ

Ռուսական «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ամիսներ շարունակուած արիւնալի մարտերէ ետք ամբողջութեամբ գրաւած է Պախմութը: Վարձկաններու ղեկավար Եւկենի Փրոկոժին շաբաթ օր յայտարարեց, որ իր ուժերը հինգ օրէն` յաջորդ շաբաթ, դուրս պիտի գան քաղաքէն հանգստանալու եւ զայն յանձնելու ռուսական կանոնաւոր բանակին: Քիեւ, սակայն, կը հերքէ լուրերը, թէ կորսնցուցած է քաղաքը: Ուքրանական բանակի բանբերը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ ատիկա...

Թուրքիոյ Քաղաքացիները Արտերկրի Մէջ  Կը Քուէարկեն Նախագահական Ընտրութեան  Երկրորդ Փուլի Ընթացքին

Թուրքիոյ Քաղաքացիները Արտերկրի Մէջ Կը Քուէարկեն Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլի Ընթացքին

Օտար երկիրներու մէջ եւ սահմանային անցակէտերու վրայ 20 մայիսին բացուած են ընտրական տեղամասերը, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի քուէարկութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Թուրքիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը յայտնած է, որ 73 պետութիւններու մէջ բացուած է 167 ընտրատեղամաս: Արտասահմանի մէջ եւ անցակէտերու վրայ քուէարկութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 24 մայիս: Թուրքիոյ տարածքին նախագահական ընտրութեան երկրորդ...

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Կը Ձգտի Քաղաքական  Ու Դիւանագիտական Միջոցներով Լուծել  Ուքրանիոյ Մէջ Ստեղծուած Ճգնաժամը»

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Կը Ձգտի Քաղաքական Ու Դիւանագիտական Միջոցներով Լուծել Ուքրանիոյ Մէջ Ստեղծուած Ճգնաժամը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծել քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ հաւաքական Արեւմուտքի` Քիեւին զէնք եւ սպառազինութիւն մատակարարելու մտադրութիւնը: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Գործընկեր երկիրներու հետ մենք կրկնեցինք, որ անհրաժեշտ է արդար աշխարհ մը, որ կը յարգէ Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ՄԱԿ-ի...

Սուտանի Մէջ Յարձակած Են  Քաթարի Դեսպանատան Վրայ

Սուտանի Մէջ Յարձակած Են Քաթարի Դեսպանատան Վրայ

Սուտանի մէջ Քաթարի դեսպանատունը զինեալ յարձակումի եւ կողոպուտի ենթարկուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին 20 մայիսին Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրած է «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ: «Մենք կը դատապարտենք Խարթումի մէջ անկանոն զինեալ խմբաւորումներու կողմէ մեր դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումն ու վանտալիզմը», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Ըստ աղբիւրին, նախարարութեան մէջ յստակացուցած են, որ դեսպանատան վրայ...

Վրաստանի Նախագահը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ  «Ճորճիըն Էրուէյզ»-ը, Ընկերութիւնը  Կ՛արգիլէ Անոր Օդանաւ Բարձրանալ

Վրաստանի Նախագահը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ «Ճորճիըն Էրուէյզ»-ը, Ընկերութիւնը Կ՛արգիլէ Անոր Օդանաւ Բարձրանալ

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիին չեն արտօներ «Ճորճիըն Էրուէյզ» ընկերութեան օդանաւ բարձրանալ, որովհետեւ ան յայտարարած էր, որ պոյքոթի պիտի ենթարկէ ընկերութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է վրացական օդանաւային ընկերութեան հիմնադիր Թամազ Կայիաշվիլի: Անոր կարծիքով` Զուրապիշվիլի պէտք է ներողութիւն խնդրէ Վրաստանի քաղաքացիներէն իր անընդունելի հրապարակային յայտարարութիւններուն համար: «Տիկին Սալոմէն յայտարարած է ազգային օդանաւային ընկերութիւնը պոյքոթի ենթարկելու մասին:...

Պայտըն Ճէյմզ Օ՛Պրայընը Առաջադրած Է  Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերով Արտաքին  Գործոց Նախարարի Տեղակալի Պաշտօնին

Պայտըն Ճէյմզ Օ՛Պրայընը Առաջադրած Է Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերով Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալի Պաշտօնին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը համակարգող Ճէյմս Օ՛Պրայընը առաջադրած է արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը կը նշէ, թէ դեսպան Օ՛Պրայընը ղեկավարած է պատժամիջոցներու յաջողած լայնածաւալ ծրագիրը: Ան իբրեւ խորհրդական մասնակցած է Եւրոպայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններուն, ներգրաւուած է գիտական եւ բնապահպանական բնագաւառներու մէջ համաձայնութիւններու գոյացման, մասնակցած է...

Ժետտայի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական  32-րդ Վեհաժողովը. Մասնակիցները Ողջունեցին  Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը

Ժետտայի Մէջ Գումարուեցաւ Արաբական 32-րդ Վեհաժողովը. Մասնակիցները Ողջունեցին Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը

Երէկ կէսօրէ ետք, Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Արաբական 32-րդ վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Վեհաժողովին հիւրաբար խօսք մը արտասանեց նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Ասատ եւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը վեհաժողովի սկիզբէն առաջ ձեռնուած են: Ալճերիոյ վարչապետ Այման պըն Ապտել Ռահման վեհաժողովի բացման խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ Արաբական լիկայի...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

«Ասատի Վարչակարգին Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չբնականոնացնենք, Եւ Ատիկա Կատարողներուն Չենք Զօրակցիր» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտնեց. «Չենք կարծեր, որ Սուրիա ներկայիս արժանի է Արաբական լիկա վերընդունուելու, եւ այս կէտը ուղղակի կերպով քննարկեցինք շրջանային եւ արաբական աշխարհին մէջ մեր գործընկերներուն հետ»: «Ի Վերջոյ, ասիկա իրենց սեփական որոշումն է, որ պիտի որդեգրեն», ըսաւ Փաթել` նշելով. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնենք,...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Մէջ  «Դրօշներու Քայլարշաւ»-ի Ընթացքին  Արաբներուն Դէմ Հնչած Ցեղապաշտական  Բացագանչութիւնները

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Մէջ «Դրօշներու Քայլարշաւ»-ի Ընթացքին Արաբներուն Դէմ Հնչած Ցեղապաշտական Բացագանչութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի մէջ «դրօշներու քայլարշաւ»-ի ընթացքին արաբներուն դէմ հնչած ցեղապաշտական բացագանչութիւնները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մեթիու Միլըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով դէմ են ցեղապաշտական հռետորաբանութեան, ինչ ձեւի ալ ըլլայ ան: Կը դատապարտենք Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին հնչած «Մա՛հ արաբներուն» եւ նման զզուելի բացագանչութիւնները»: Նշենք, որ իսրայէլացի բնակեցուածներ հինգշաբթի օր...

Էրտողան. «Վստահ Եմ, Որ Թուրք Ժողովուրդը Զիս Վերստին Նախագահ Պիտի Ընտրէ»

Էրտողան. «Վստահ Եմ, Որ Թուրք Ժողովուրդը Զիս Վերստին Նախագահ Պիտի Ընտրէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրք ժողովուրդը օրէնսդրական մարմինի իր ուզած ձեւը ցոյց տուաւ` քուէարկելով «Ժողովրդական դաշինք»-ին եւ զայն կարող դարձնելու խորհրդարանի 600 երեսփոխաններէն 322-ը ապահովելով»: Էրտողան Պոլսոյ մէջ հաղորդակցութեան ոլորտի համախմբումի ընթացքին նշեց. «Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը (նախագահական ընտրութեան) երկրորդ փուլին քուէներու եւ համեմատութեան մրցանշային թիւով անգամ մը եւս 5 տարուան համար ինծի պիտի վստահի նախագահութիւնը»: Թուրքիոյ...

Page 209 of 882 1 … 208 209 210 … 882

Արխիւներ